ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Արդէն հասած ենք եկեղեցի։ Խուռներամ բազմութիւն մը լեցուցած է եկեղեցին ու դպրոցին բակը։ Ամէնէն ետեւի նստարաններէն մէկուն վրայ կը նստի հայրս, իսկ ես՝ իր ոտքերուն վրայ, տեղս զիջելով մեծերուն։ Եկեղեցւոյ մէջ ենք, սակայն ո՛չ պատարագ, ո՛չ շարական, ո՛չ ալ բուրվառ, որ այնքան ուշադրութիւնս կը գրաւէ ամէն անգամ որ եկեղեցի երթամ։
Ճաղատ մարդ մը բեմ կը բարձրանայ, աւելի ճիշդը գաւիթը բեմի վերածուած է, ու կը սկսի խօսիլ ցած ձայնով։ Բարձրախօս չկայ։ Քար լռութիւն, հազիւ կը լսուին արտասանած բառերը։ Խօսակցութենէն բան չեմ հասկնար։ Ամէն վայրկեան հօրս դառնալով. «Հայրիկ, ի՞նչ ըսաւ»։ Հայրս, ցուցամատը շրթներուն տանելով, առանց խօսելու կը հասկցնէ, որ լռեմ, սակայն ես կը շարունակեմ հարցումներու տարափը, խանգարելով շուրջս գտնուողները։ Հայրս նեղ կացութեան մատնուած է։ «Տղաս, հիմա միայն մտիկ ըրէ, վերջը կը պատմեմ»։ Մտիկ կ՛ընեմ, սակայն բան չեմ հասկցած։ Ճառախօսը աւարտած է իր խօսքը։ Սովորութիւն դարձած է, երբ մէկը խօսի, արտասանէ կամ երգէ, անպայման կը ծափահարեն։ Կը պատրաստուիմ ծափահարելու, սակայն հայրս ձեռքերս կը բռնէ ու արգելք կը հանդիսանայ: Ոչ ոք կը ծափահարէ։ Արդեօք չհաւնեցա՞ն խօսածը։ Աւելի ուշ, հայրս կը բացատրէ. «Սգատօնին չեն ծափահարեր, միայն կ՛ողբան, կու լան։ Աստուծմէ կը խնդրեն, որ մեր անմեղ նահատակներու հոգիները երկնքի արքայութեան արժանանան»։
Բեմ կը բարձրանայ երիտասարդ մարդ մը ու կ՛արտասանէ ոտանաւոր մը։ Այս անգամ կը լսեմ իր խօսքերը, դարձեալ առանց բառ մ՛իսկ հասկնալու, սակայն կ՛ենթադրեմ, որ շատ լաւ արտասանեց։ Բարձր ձայնով, հապա ձեռքի շարժումնե՞րը։ Կարծես դերասան մը ըլլար։ Մեծ պահանջ մը ունիմ ծափահարելու։ Շատ հաւնեցայ, սակայն կը յիշեմ հօրս խօսքը. «Սգատօնին չեն ծափահարեր»։ Կու լան ու կ՛ողբան մեր կորսնցուցած հայրենիքին վրայ:
Ողբի՜ հայրենիք,
Որբի՜ հայրենիք։ (Յովհաննէս Թումանեան)
Տուն վերադարձին, հայրս առաջին անգամ ըլլալով կը պատմէ, թէ թուրքին եաթաղանը ամայացուցած է իրենց քաղաքը՝ Երզնկան, եւ իրենց գիւղէն քանի մը հոգի միայն ազատած են։ Մնացածները ամբողջութեամբ կոտորուած ու տեղահանուած են։ Ինք հրաշքով փրկուած, հազարումէկ դժուարութիւններով հասած է Լիբանան ու հասակ նետած որբանոցի մը մէջ, մինչեւ խելահաս դառնալը։
Գէշ երազէ մը արթնցողի տպաւորութեամբ, ինք եւս բոլոր ազգակիցներուն նման լացած ու երազած է անցեալի տաքուկ տարիները, զորս անցուցած է իր հարազատներուն հետ:
Ոչ մէկ պահանջատիրական խօսք։ Միայն ողբ։
Զարկուած հայրենիք
Զրկուած հայրենիք:
Ապրիլ 24,1965։ Ցեղասպանութեան յիսնամեակ։ Պահանջատիրական զարթօնք ու ծովածաւալ հաւաք Քամիլ Շամունի մարզաւանին մէջ: Քայլարշաւ Պիքֆայայի Նահատակաց դուշարձանէն մինչեւ Անթիլիասի մայրավանքը:
Ապրիլ 24, 1971: Քայլարշաւ:
Այլեւս հօրս ձեռքէն բռնած չէ, որ կ՛երթամ ոգեկոչելու ապրիլեան նահատակներուն յիշատակը։ Զաւարեանական եմ։ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կազմակերպած է քայլարշաւ։ Հազարաւոր հայեր, երիտասարդ թէ տարեց, պատանի թէ մանուկ, բոլորը միասնաբար կը քալեն յուշարձանէ յուշարձան։ Ճամբեզրին կամաւորներ ջուր կը բաժնեն քալողներուն։ Չորրորդ ամսուան քսանչորրորդ օրն է, սակայն ամրան նման տաք։ Շատ մը ծնողներ իրենց ուսերուն վրայ առած են իրենց մատղաշ փոքրերը, որոնք արդէն յոգնած՝ անկարող են քալելու, իսկ քայլարշաւին կը մասնակցին ամէն տարիքի հայեր։ Քանի մը տարիքոտ մարդիկ արդէն ուժասպառ են եւ «Կարմիր խա»չին պատկանող հիւանդատարերու միջոցաւ կը փոխադրուին դարմանումի վայրեր։ Խումբ մը երիտասարդներ կը թնդացնեն յեղափոխական երգեր։ Ապրիլ 24ը այլեւս սգատօն չէ։ Պահանջատիրութիւն է։ Հօրս նման սեւ փողկապ չեն կապեր, հագած են գոյնզգոյն զգեստներ, ողբալով հարցեր չեն լուծուիր։
«Պէտք է պայքարիլ»։
Մանկութեանս, կը յիշեմ, մեր տան պատէն կախուած միակ իւղանկարը, զոր կը ներկայացնէր Մայր Հայաստանը՝ աւերակ եւ մազերը ցիրուցան հայուհի մըն էր, շղթայուած ձեռքերով, նստած աւերակներու վրայ։
Հայաստանի առաջին անկախութեան կորուստէն ետք Մայր Հայաստանի ձեռքերը դարձեալ շղթայուեցան, այս անգամ խորհրդային լուծին տակ։ Սկզբնական շրջանին, Ստալինի կենդանութեան, «յանցանք» էր Ապրիլ 24ի մասին խօսիլն անգամ։ Կամաց կամաց սկսան աւելի բարեացակամ գտնուիլ մեր նահատակներուն յիշատակի ոգեկոչման նկատմամբ։ 1965ին, Ցեղասպանութեան յիսնամեակին, կառուցուեցաւ Ծիծեռնակաբերդը: Հազարաւոր հայեր Ապրիլ 24ին, կ՛այցելեն Ծիծեռնակաբերդ մեր բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակին ծաղիկ զետեղելու անմար կրակին շուրջ։ Ներկայիս վերանկախացած Հայաստանի մէջ մեծ շուքով կը նշուի Ցեղասպանութիւնը, եւ Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի մեր հոգիները կռիւ կը մղեն թուրք ոսոխին դէմ եւ կը պահանջեն մեր արդար իրաւունքը՝ ՄԵՐ ՀՈՂԵՐԸ:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին ենք։ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի հայութիւնը միասնաբար կը պայքարի, որպէսզի Թուրքիա ընդունի իր գործած անմարդկային ոճիրը, մինչ այդ՝ փոխանակ դարմանելու իր նախորդներուն ըրած սխալը, Թուրքիոյ ներկայ պետութիւնը Միջին Արեւելքի քաղաքական խառն վիճակէն օգտուելով կը շարունակէ իր հակահայ արարքները, թիրախ դարձնելով Սուրիոյ Հալէպ եւ Քեսապ հայահոծ շրջանները։ Տակաւին չընդունած առաջին «Ապրիլ 24»ը, նոր «Ապրիլ 24» տեղի կ՛ունենայ, իսկ մեծ պետութիւնները խուլ եւ կոյր կը ձեւացնեն։
«Ո ՜վ մարդկային արդարութիւն, թո՛ղ ես թքնեմ քու ճակատիդ…» (Սիամանթօ)։
Մեր նահատակներուն անմար յիշատակը մեզ պիտի առաջնորդէ, հետապնդելու եւ վերատիրանալու Ուիլսընեան քարտէսով ճշդուած Հայաստանին: Ազգովին, աշխարհի ամբողջ տարածքին ցոյց պիտի տանք մեր միասնակամ ուժը, մեր կամքի զօրութիւնը: Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը պիտի ըլլայ մեր պահանջատիրութեան յաղթանակը:
Ժամանակն է, որ մեր բառամթերքէն վերցնենք ողբ, լաց, յուսախաբութիւն բառերը: Հայ Դատին եւ ամբողջ հայութեան տարած ջանքերը իրենց շինիչ ներդրումը պիտի ունենան ու արդիւնքը պիտի տան: Հեռու չէ այն օրը, երբ թուրքը պիտի ընդունի իր գործած մեծ չարիքը: Որո՞ւ միտքէն կ՛անցնէր, թէ հզօր Խորհրդային Միութիւնը մէկ օրէն միւսը կրնար կործանիլ եւ Հայաստանը անկախանալ։ Այնքան ատեն որ Թուրքիոյ ճակատագիրը կախեալ է մեծ պետութիւններու քմահաճոյքէն, Թուրքիա նոյնպէս կրնայ օր մը տապալիլ եւ «Սասունը, Մուշն ու Վանը դարձեալ հայկական հող» կը դառնան։ Արարատ լեռը կը վերադառնայ իր տիրոջ՝ հայ ժողովուրդին եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի տողերով՝
«Պիտի հասնինք, սրբազան լեռ, կատարիդ»։
Յոյսի՜ հայրենիք,
Լոյսի հայրենիք:
Իմ նո՜ր հայրենիք,
Հզօ՜ր հայրենիք…
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
–«Ասպարէզ»ի այս փոքրիկ անկիւնը
կը հովանաւորէ«Թիւֆէնքեան» Ազգ. Մանկամսուրի5 տարեկան աշակերտուհի Նաթալի Սավուլեանը
–Մուսա Լերան Հայրենակցական Միութիւն