Սփիւռքի հայերուն համար, մանաւանդ յետեղեռնեան Մերձաւոր Արեւելքի գաղթական հայ զանգուածին համար, այդ երկու երկիրները շատ տարբեր չեն իրարմէ:
Գաղթականներու առաջին կայաններէն մէկը եւ գլխաւորը Հալէպը եղած է անշուշտ: Բացառիկ կազմակերպուած գաղութ մը՝ իր բոլոր բաղադրիչներով. եկեղեցի, դպրոց, ակումբներ, միութիւններ՝ բարեսիրական, մարզական, հայրենակցական: Նոր գաղութները այնքան ալ տարբեր չէին իրենց նախկին բնակավայրերէն: Հետեւաբար անոնց մշակոյթներն ալ գրեթէ նոյնն էին: Հայերէնը կը ծաղկէր ոչ հայ հողի վրայ:
Այդ շրջանին մէջ, գաղթականներու երկրորդ կայանն էր անշուշտ Պէյրութը, Լիբանանի մէջ: Նոյն մշակութային եւ ընկերային կեանքը Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, ենթադրել կու տար, որ այս երկու երկիրները զարմիկներ էին: Հայ բազմութիւններն ալ կէս առ կէս բաժնուած էին անոնց միջեւ:
Որքան կը յիշեմ, Հալէպի հայութեան թիւն էր առաւել կամ նուազ150,000: Պէյրութը հազիւ անոր կէսը կը հաշուէր: Հալէպը եւ Պէյրութը Մերձաւոր Արեւելքի գլխաւոր հայաւաններն էին: Այդպէս ալ մնացին, մինչեւ որ երկու երկիրներուն մէջ քաղաքացիական խլրտումները սկսան:
Գրեթէ բոլորս ալ մօտէն ծանօթ ենք 1974էն ետք Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքացիական պատերազմին, ուր տուինք բազմաթիւ զոհեր եւ տէր եղանք անհաւատալի աւերակներու:
Բայց, նախ սկսինք Սուրիայէն: Փոքր տարիքէս միշտ ալ զարմացեր եմ, երբ քարտէսին վրայ տեսեր եմ «Սուրիա եւ Մեծն Լիբանան» բառերը: Մինչ՝ կողքի պատկերը ցոյց կու տար փոքր Լիբանան մը եւ յարաբերաբար մեծ Սուրիա մը: Երկար փնտռելէ ետք, վերջապէս հասկցայ թէ ինչո՛ւ: Բաւական երկար ատենէ ի վեր հանգստաւէտ կեանք մը ապահոված այդ գաղութը ցնցուեցաւ, երբ Եգիպտոս եւ Սուրիա անակնկալ դաշինք մը կնքեցին, եւ այս միացումը ծնունդ տուաւ նոր հանրապետութեան մը, նոր դրօշակի մը եւ նոր անուան մը, որ էր՝ «Միացեալ Արաբ Հանրապետութիւն»: Սուրիա եւ Եգիպտոս անունները այլեւս գոյութիւն պիտի չունենային: Այս բոլոր շարժումները տեղի ունեցան Եգիպտոսի նախագահ Ճեմալ Ապտել Նասերի օրով, երբ այս նախագահը սոյն միտքը յղացաւ եւ ստեղծեց նոր հանրապետութիւն մը:
Ժողովուրդը՝ հայ թէ արաբ, շշմած էր: Տակաւին նոր վերջացած էր յեղաշրջումներու շարքը, եւ հիմա՝ ասիկա:
Իսկ այն մարգարէները, որոնք կը փութային նախատեսել մօտաւոր ապագան, կ՛ըսէին, թէ այս վերջին դէպքերը լաւ բաներ կը խոստանան, թէ շուտով քաղաքականութիւնը պիտի փոխուի եւ թէ մենք պիտի վերադառնանք մեր հանդարտ կեանքին կամ՝ մօտաւորապէս:
Թէեւ, Պէյրութի մեր քաղաքացիական պատերազմը աւելի բիրտ էր եւ արիւնոտ, այսուհանդերձ Հալէպինը եւս բոլորովին անմեղ չէր: Այս մէկուն փաստը կը տեսնենք այսօր՝ մօտ երեսուն տարի ետք:
Կը յիշեմ մասնաւորաբար դէպք մը, որ թէեւ ոչ արիւնոտ, բայց նոյնքան ահարկու էր: Այդ օրերուն ես ֆրանսական դրամատան մը մէջ պաշտօնեայ էի եւ ամէն առաւօտ, երբ ձայնասփիւռը սուրիական քայլերգով մեզ կ՛արթնցնէր, գիտէինք, որ դարձեալ յեղաշրջում մը եղած է: Այն ժամանակ դեռ ոչ բոլորը պատկերասփիւռ ունէին, ատոր համար ձայնասփիւռին գոյութիւնը մեզի համար անհրաժեշտ էր: Թէեւ արդէն փողոցներէն եւ մեծ պողոտաներէն եւս կը լսէինք բարձրախօսով յայտարարուած նոր լուրերը: Ամբողջ քաղաքը՝ շունչը պահած, կը լսէր զանոնք… որոշելու համար թէ կարելի՞ էր արդեօք տունէն դուրս գալ եւ գործի երթալ, մանաւանդ, որ մեր գործատեղին կը գտնուէր քաղաքին կեդրոնը, եւ մարդիկ երկու անգամ կը մտածէին դուռը բանալէ առաջ: Յեղաշրջումը ուրիշ բան մը եւս կը հաղորդէր: Անոնք, որոնք տուներէն դուրս կ՛աշխատէին, կրնային կռահել, թէ այն հաստատութեան կամ դպրոցին մէջ, ուր կը պաշտօնավարէին, կրնային նաեւ նոր տնօրէն մը կամ վարիչ մը տեսնել՝ ցնոր տնօրինութիւն:
Իսկ այլ այսպիսի օր մը, հազիւ նստած մեր գրասեղաններուն ետեւ, հարիւր հոգինոց մեր պաշտօնէութեան թելադրուեցաւ դուրս գալ փողոց, ուր տեսանք, թէ շրջապատուած էինք ջոկատ մը զինուորներով կամ ոստիկաններով. յայտնի չէր, թէ յստակ որոնք էին անոնք: Իրենց ղեկավարը բարձրախօսով եւ արաբերէն լեզուով հրահանգեց մեզի մեր երկու թեւերը մեր գլուխներէն վեր բարձրացնել եւ այդպէս քալել, առանց փորձուելու իջեցնել զանոնք, մինչեւ նոր հրահանգ: Եւ սկսանք քալելու: Մեր հաստատութեան տնօրէնը՝ պատկառելի մարդ մը, կ՛երթար մեր խումբին առջեւէն: Իսկ իր հօտը կը հետեւէր իրեն:
Այդպէս բաւական քալեցինք, բայց կ՛երեւի թէ յոգնած էի եւ մէկ թեւս կամաց-կամաց վար սահեր էր: Անդրադարձայ, երբ ոստիկանը իր տեղէն գոռաց՝ «Թեւերդ վե՛ր»: Սարսափահար՝ հնազանդեցայ:
Ամիսներ ետք, հաւաքեցի ընտանիքս եւ Պէյրութ փոխադրուեցայ: Բարեբախտաբար, նախկին դրամատան տնօրէնը այնտեղ եւս դրամատան մը տնօրէնն էր: Ան ինծի ըսած էր. «Եթէ երբեք Պէյրութի մէջ ալ պիտի փափաքիս դրամատան մը մէջ գործ գտնել, անպայման նախ զիս տես»:
Այդպէս ալ ըրի: Արաբերէն գիտնալս ինծի մեծապէս օգտակար եղաւ: Լեզուն գիտնալէ աւելի, գիտէի նաեւ արաբերէնով մեքենագրել: Ամէն կողմէ առաջարկներ կը ստանայի: Լիբանան նոր սկսած էր դրամատան գործերը նաեւ արաբերէնով ըլլալու: Այն ատեն, տակաւին, շատ քիչեր կային, որ արաբերէն գիտէին, ուր մնաց նաեւ՝ մեքենագրել: Այդ օրերու նորաստեղծ Կեդրոնական դրամատունը կը պարտադրէր, որ ամէն պաշտօնական գործառնութիւն ֆրանսերէնի կողքին նաեւ արաբերէնով ըլլայ: Ինչեւիցէ, տնօրէնիս հետ առաջին տեսակցութեանս արդէն իսկ դրամատունը ինծի պաշտօն կ՛առաջարկէր: Սիրով ընդունեցի:
Հիմա, որ Սուրիայէն հեռացայ, արդեօք կրնայի՞ ապահով զգալ ֆիզիքապէս: Չէի գիտեր, որ աւելի ուշ, մեծ պատերազմը Լիբանանի մէջ պիտի վայելէի: Ժողովրդային իմաստութիւնը կ՛ըսէ, որ ճակատագիրէդ չես կրնար փախուստ տալ: Թէեւ Լիբանան փոխադրուիլս հայութենէս ոչինչ փոխեց: Քաղաքացիական պատերազմը հոս եւս կրկնուեցաւ:
Մենք կ՛ապրէինք քաղաքին կեդրոնը, երկու հակառակորդ խումբերուն միջեւ՝ սահմանին վրայ: Այն շրջանը, ուր կ՛իյնային բոլոր ռումբերը: Մենք կը քնանայինք տան անցքերուն մէջ: Այդ անցքերուն պատերը տեսակ մը պատնէշ կը նկատէինք:
Թէեւ ես ճակատագրապաշտ չեմ, բայց ատեն մը ետք կարծես ընդունեցի այդ կարելիութիւնը: Ի վերջոյ, աւելի դիւրին էր մեղքը ձգել ճակատագիրին վիզը, քան մտածել, թէ մեր ո՞ր մեղքին համար կը տառապէինք: Յետոյ մտածեցի, թէ կարելի էր որ ասիկա ի վերուստ որոշուած էր, *որ իրաքանչիւր հայ սերունդ պիտի պայքարէր իր հաւաքական գոյութեան համար*: Ապա թէ ոչ՝ չէր կրնար հայ մնալ կամ հայ նկատուիլ:
Պէտք է ընդունինք սակայն, որ միայն այս կարգի քանի մը դէպքերը չէին, որոնք մեր միտքի պաստառին վրայ յաւիտեանս կը մնային, իբրեւ հաւաքական մեր գոյութեան սպառնացող վտանգ: Զէնքերու առատութիւնը, թաղէ թաղ շարունակուող կռիւները եւ ռմբակոծումները, թուրքերու եւ այլ օտարազգի վարձկաններու մնայուն ներկայութիւնը, բոլոր շուկաներուն փակուիլը, այս բոլորը ժամանակ մը ետք դարձան սովորական կեանք:
Ամէնէն դժուարը սակայն հացի տագնապն էր, որ պարտադրեց կարգ մը անհատներու տունը հացի նման հաց պատրաստել, որուն նմանութիւնը իրաւ հացին՝ թերեւս անոր կլոր կամ շրջանակաձեւ ըլլալն էր միայն: Այս բոլորին վրայ աւելցուցէք գիշեր-ցերեկ զէնքերու գերազանցօրէն աններդաշնակ երաժշտութիւնը, տունը բանտարկուած ըլլալու իրողութիւնը, որուն դէմ թէեւ ոչ ոք կը գանգատէր, արկածահար մահերը կամ առեւանգումները, որոնք անպայման կը վերջանային սպաննութեամբ:
Այս վախազդեցիկ վիճակը տեւեց բաւական երկար: Հայութեան ստուար մասը՝ ըստ իր դարերու սովորութեան, երկրէն մեկնած էր արդէն, իսկ մնացեալն ալ կը պատրաստուէր կամ կը ծրագրէր մեկնիլ աւելի ապահով երկիր մը… եթէ այդպիսի երկիր մը գոյութիւն ունէր: Բայց ո՞ւր: Այս հարցումին պատասխանը հայերը դիւրաւ գտան, որովհետեւ վարժ էին: Առաջին խումբին հետեւեցան մնացեալները: Ընդհանրապէս՝ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր հայերը Եղեռնի օրերէն սկսեալ անպայման ունէին ազգակիցներ, որոնցմէ կը ստանային լաւ լուրեր: Այսքանը կը բաւէր, որ իրենք եւս պատրաստութիւններ տեսնէին, հասնիլ կարենալու համար դրախտանման այդ երկիրը, ուր *ժխտական* ոչինչ կար: Երկար տարիներէ ի վեր հայեր կ՛ապրէին հոն եւ յայտնի դժգոհութիւն մը չունէին, բացի անկէ, որ հայերը այլեւս հայերէն չէին խօսեր: Բայց հիմա հայկական դպրոց ալ ունէին: Ալ ինչո՞ւ կը մտահոգուէինք:
Սակայն, անոնք չէին գիտեր, թէ օր մը այստեղէն ալ պիտի ուզէինք գաղթել: Ո՞ւր երթալու համար: Ետ Սուրիա՞: Այդ օրերուն, անիմաստ էր նոյնիսկ մտածել ատոր մասին: Հայաստա՞ն: Բայց չէ՞ որ Հայաստանէն ալ հայեր կ՛արտագաղթեն հիմա:
Ինծի այնպէս կը թուի, որ մէկը մեզ անիծեր եւ ըսեր է. *«Մաղթենք, որ կայան չգտնէք եւ այսպէս թափառիք անապատէ անապատ»:* Եւ այս՝ բառին թէ՛ իսկական, թէ՛ պատկերաւոր իմաստով:
Այսպէս, քանի Եղեռնի հարիւրամեակին կը մօտենանք, վերոյիշեալ միտքերը կը խճողեն ուղեղս, եւ ես սարսափահար կը սպասեմ գիտնալու, թէ մեր յաջորդ անապատը ո՞ւր կրնայ ըլլալ այս երկրագունդին վրայ: Իսկ հիմա մեզի նաեւ կը թելադրուի փոխել մեր քաղաքականութիւնը եւ դիրքորոշումը Եղեռնի ոգեկոչման հանդէպ, գրեթէ հարիւր տարի անդադար մեր ականջին կրկնելէ ետք, թէ երբեք պէտք չէ մոռնալ մեր նահատակները եւ մեր ժողովուրդին հանդէպ եղած այս զուլումը:
Իսկ ներկայիս, այսինքն՝ այսօր, Սուրիոյ վիճակը դարձեալ նախանձելի չէ: Վերջին լուրերը գօտեպնդիչ չէին: Զինեալներ գրաւած էին Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Քեսապի բացարձակ հայաւանը, ուր հրացանաձգութիւն սկսած էր եւ ուրկէ բոլոր հայ բնակիչները փախուստ տուած էին:
*Եթէ ասիկա ցեղասպանութեան շարունակութիւնը չէ, հապա ի՞նչ է:* Մեր հին դրացի թուրքը, իբրեւ սուրիացի զինեալ, արդէն մտած է Սուրիա եւ առաջին հարուածը ուղղած՝ ամբողջութեամբ հայ վերջին գաղութին վրայ:
*Եթէ ասիկա կրկին բնաջնջման փորձ չէ, հապա ի՞նչ է:*
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
ՀԱՅ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Մենք յաղթանակի կարիք ունենք եւ
դրա գրաւականը մեր միասնակութիւնը,մեր հաւատքն ու նուիրումն է:
Հայ Ամերիկեան Տարեցներու Միութիւնը
իր 5 մասնաճիւղերի անդամ-անդամուհիներով
ու վարչականներով սիրայօժարիր զօրակցութիւնն է յայտնում
Ապրիլ 24ի առնչութեամբ տարուելիք աշխատանքներին. քայլենք յառաջ՝
պայծառ ապագայի վառ յոյսերով:
Ի Յիշատակ Ստեփան Հայթայեանի
Հայթայեան Ընտանիք