
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Հինգշաբթի 24 Ապրիլին, Հայկական Ցեղասպանութեան Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ տարեկան աւանդական յուշահաւաքը՝ Մոնթեպելլոյի մէջ գտնուող Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանին մօտ:
Յուշահաւաքին ներկայ էին ամերիկացի եւ հայ պաշտօնատարներ, հոգեւոր առաջնորդներ, ազգային կառոյցներու ղեկավարներ, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը եւ ժողովրդային հոծ բազմութիւն մը:
Նախքան հաւաքի յայտագիրին սկսիլը, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ նահատակներու յիշատակին:
Հաւաքին ընթացքին, գլխաւոր խօսնակներու շարքին էին քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, Լոս Սնճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի (քաղաքապետը իր ելոյթը աւարտեց «Պայքար, պայքար, մինչեւ վերջ» լօզունգով, զոր արտասանեց հայերէն), Նորթրիճի համալսարանի հայկական ամպիոնի ղեկավար փրոֆ. Վահրամ Շեմմասեան, յայտնի մտաւորական Մարի Ռոզ Ապուսէֆեան (ան փոխանցեց Միացեալ մարմինի պատգամը) եւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսով:
Խմբավար Միքայել Աւետիսեանի ղեկավարութեամբ, հաւաքի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Իրանահայ-Իրաքահայ միացեալ երգչախումբը:
I appreciate the April 24th, 2014 program prepared by the Handznakhoumb.
Good for them. I also adore Ms. Marie Rose Abousefian’s speech. There will be no word how to appreciate that courageous lady. Waooooo, What a speech. I am proud of her and I am proud that she is a smart and very knowledgefull Armenian Lady, writer, speech woman, and …… Thank you Ms. Marie Rose Abousefian.
I would like to read your speech once again. either on internet or the daily Asbarez journal.
I wish to see you again and again on such a ceremony on the scene.