Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) հայեցի դաստիարակութեան առաքելութիւնը կը պանծար Ապրիլ 12ի առաւօտեան, Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան սրահին մէջ, ուր ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարան յաճախող աշակերտներ, իրենց ուսուցիչներով, պատասխանատուներով, ծնողներով եւ հարազատներով, եկած էին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի շեմին, արուեստի ճամբով արտայայտելու հայավայել իրենց բողոքն ու պահանջատիրութիւնը՝ Հայ Դատի պաշտպանութեան ու հատուցման ի խնդիր:
Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային վարչութեան ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարաններու խնամակալ մարմինը ծրագրած էր վերոյիշեալ յուշ-հանդիսութիւնը՝ հրաւիրելով կազմակերպութեան հովանիին տակ գործող բոլոր շաբաթօրեայ վարժարանները իրենց մասնակցութիւնը բերելու հայ մշակոյթի գեղարուեստական յայտագիրին՝ նուիրուած Ցեղասպանութեան ոգեկոչման:
Միօրեայ վարժարաններու պարման-պարմանուհիներու ինքնավստահ եւ սրտեր յուզող ներկայացումին ներկայ էին մեծ թիւով ՀՕՄուհիներ եւ ՀՕՄի բարեկամներ, որոնք յոտնկայս ու խանդավառ ծափողջոյններով դիմաւորեցին զանոնք: Խնամակալ մարմինի անդամներէն Փառքուհի Խաչիկեան, բարի գալուստի իր խօսքէն ետք, անդրադարձաւ Ապրիլեան հրամայականէն բխած գեղարուեստական այս հանդիսութեան իրագործման, որ պիտի ապրեցնէ հայ մշակոյթի ռահվիրաները՝ Շաբաթօրեայի մեր աշակերտներու կատարողութեանց ընդմէջէն:
Խնամակալ մարմինի ատենապետուհի Սոնա Մատարեան բարձրօրէն գնահատեց ՀՕՄի սրբազան առաքելութեան հետ առնչուող հայ ծնողքին եւ հայ մանկավարժին նուիրումն ու դերը՝ ի դէպ մեր գուրգուրանքին վստահուած մատղաշ սերունդի առողջ ու հայեցի դաստիարակութեան:
Իր խօսքին մէջ Մատարեան նշեց, թէ «Ապրիլ 24 կը նշանակէ՝ օրը 24 ժամ ապրիլ ու գործել հայօրէն, քաջ գիտակցութեամբ շարունակել տակաւ անպատասխան մնացած մեր Դատի պահանջատիրութեան հետապնդումը, որուն արդար յետնորդներն ենք, եւ պիտի գայ այն օրը, երբ մարդկային արդարութիւնը պիտի շողայ մեր ճակատին…»:
Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան ՀՕՄի «Մեղրի», «Սեւան», «Սիփան», «Անահիտ», «Սօսէ» եւ «Մայր» մասնաճիւղերու շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտները՝ խմբային ու անհատական այլազան կատարումներով. ներկաները անմարմին շունչը կը զգային հայ խօսքի վարպետներուն՝ Նարեկացիի, Ներսէս Շնորհալիի, Խրիմեան Հայրիկի, Կոմիտասի, Սայաթ Նովայի, Շիրազի, Սեւակի, Գէորգ Էմինի… Աշակերտները ապրեցան ու ապրեցուցին Հայոց Ոսկեղնիկը, Աղօթքը, Ափ մը Մոխիրը, Կռունկը, Հայրենի Երկիրն ու Հայ Լինելն ու Լինելու Կամքը… Ի վերջոյ՝ «Պարէ՛ Սասուն, պարէ՛… Արարատի լանջին պարե՛ս»:
Խօսքին հետ զուգահեռ, սրահին մէջ մարմին ստացան հայազգի անմահ հերոսներ Անդրանիկը, Գէորգ Չաւուշը, Սերոբ Աղբիւրը, Սօսէ Մայրիկը, մինչեւ Արեւմտեան Հայաստանը, ներկայիս Սփիւռքն ու «Զարմանալի Հայ»ը…
Խօսքն ու երաժշտութիւնը, հայ աշակերտի հարազատ հմտութեամբ ու զգայուն ապրումներով, հասան իւրաքանչիւր ունկնդիրի հոգիին խորը. ապրեցանք հպարտութիւնը հայ վարժարանին, հայ մանկավարժին եւ անոնց հնազանդող պարման-պարմանուհիներուն:
Հանդիսութեան աւարտին, Խնամակալ մարմինին մօտ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Կարինէ Բարիկեան-Սէթեան խօսք առաւ ու բարձր գնահատեց գործող ուսուցիչներու դերն ու պատասխանատուութիւնը՝ ըսելով. «Խոնարհւում եմ ձեր առաջ, յարգելի՛ մանկավարժներ, ձեր բեռը ծանր է ներկայ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան գործընթացում, յատկապէս՝ այս օտար ափերում. սակայն մենք վստահում ենք ձեզ, յառաջ տանելու այս նուիրական աշխատանքը»:
Յայտագիրի աւարտին, յիշատակի խմբանկարով, հիւրասիրութեամբ ու խանդավառ տրամադրութեամբ ներկաները հեռացան սրահէն:
Ապրի՛ն ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարաններու ժրաջան ու հաւատաւոր աշակերտները եւ զանոնք մշակող դաստիարակները:
Ապրի՛ Հայ Օգնութեան Միութիւնը՝ իր սրբազան առաքելութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.