
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շաբաթ, Ապրիլ 5ին, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի գրասենեակը այցելեցին հեղինակներ եւ գործիչներ Յակոբ ու Քնար Մանճիկեանները՝ քոնկրեսականին ծանօթացնելով Հայկական Ցեղասպանութեան գրադարանին հրատարակած հատորները, ինչպէս նաեւ քննելու համար Քեսապի վերջին իրադարձութիւնները:
Մանճիկեաններու հիմնած Հայկական Ցեղասպանութեան գրադարանը 2005էն ի վեր կը հրատարակէ Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւններու անգլերէն թարգմանութիւնը:
Շիֆ Մանճիկեաններուն փոխանցած է, թէ ինք հպարտութեամբ Քոնկրեսի արխիւներուն մաս պիտի դարձնէ նշեալ հատորները, որոնցմէ հինգը ցարդ լոյս տեսած է:
Հատորներէն վերջինը Մեծ Եղեռնէն վերապրողներ Արամ եւ Տիրուհի Աւետեան զոյգին յուշերու անգլերէն թարգմանութիւնն է՝ «Defying Fate»ը: Անոնց ձեռագիր յուշերը հաւաքուած ու խմբագրուած են իրենց դստեր՝ Քնար Մանճիկեանի կողմէ: Քնար Մանճիկեանի ծնողները տարագրութեան ճամբուն վրայ առեւանգուած են արաբներու կողմէ, 13 տարի ապրած են զանազան արաբ ընտանիքներու մօտ ու վերջապէս փախուստ տալով՝ անցած են Հալէպ, ուր իրարու հանդիպած ու ամուսնացած են:
Շիֆ հանդիպման ընթացքին շեշտած է, թէ նման պատմութեանց պահպանումը յոյժ կարեւոր է Ցեղասպանութեան արհաւիրքը եւ անոր դասերը յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու համար: Ան եւս պատմած է Լիթուանիայէն եկած իր նախահայրերուն ու Հրէական Ողջակիզումին ընթացքին անհետացած իր զարմիկի փնտռտուքին մասին:
Մանճիկեանները Շիֆի հետ հանդիպման ժամադրութիւնը առած էին Քեսապի վրայ յարձակումէն առաջ, սակայն հանդիպման ընթացքին, բնականաբար, քննարկումի նիւթ դարձած է այդ հրատապ տագնապը: Ի միջի այլոց, Յակոբ Մանճիկեան Քեսապէն է, իսկ Քնար Աւետեան-Մանճիկեան՝ Հալէպէն:
Յակոբ Մանճիկեան տեղեկացուցած է քոնկրեսականը, թէ Քեսապէն տարագրուած աւելի քան 1600 հայերուն շարքին են իր եղբայրը, անոր կինն ու զաւակները, ինչպէս նաեւ՝ մօտիկ ազգականներ: Ան կոչ ըրած է Շիֆին, որ շարունակէ հարցը լուսարձակի տակ պահել եւ յատկապէս ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սըմենթա Փաուըրի ուշադրութեան յանձնել զայն, որպէսզի տագնապին արդար լուծում մը գտնուի:
Շիֆ տեղեկացուցած է նաեւ Քոնկրեսի շէնքին առջեւ Քեսապի հարցով կայացած մամլոյ ասուլիսին մասին, որ տեղի ունեցաւ Ապրիլ 8ին: Ցեղասպանութեան գրադարանի մատենաշարէն լոյս տեսած մնացեալ չորս հատորներն են՝ «Passage Through Hell: The Odyssey of a Genocide Survivor» (Արմէն Անուշ), «The Fatal Night: An Eyewitness Account of the Extermination of Armenian Intellectuals in 1915» (Միքայէլ Շամթաճեան), «Death March: An Armenian Survivors Memoir of the Genocide of 1915» (Շահէն Տէրտէրեան) եւ «The Crime of the Ages: A Chronicle of Turkeys Genocide of the Armenians» (Սեպուհ Ակունի):
Հատորները կարելի է գնել «Amazon» կայքէն կամ՝ դիմելով manjikianpub@hotmail.com հասցէին: