
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ Ապրիլ 24ին մասնակցեցաւ Փարիզի մէջ կայացած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման արարողութեան:
Հանդիսութենէն ետք Հոլանտ պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:
Էրտողանի ցաւակցական ուղերձին անդրադառնալով՝ ան նշեց, որ իմաստալից խօսք է, սակայն բաւարար չէ:
Ֆրանսայի նախագահը ընդգծեց, որ 1915ին տեղի ունեցած ողբերգութիւնը մէկ անուն ունի՝ Ցեղասպանութիւն: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Հիւրրիէթ» թերթը:
«Յաջորդ տարի ձեզի հետ, ձեր շարքերուն մէջ պիտի չըլլամ, որովհետեւ Երեւանի մէջ կայանալիք Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի արարողութիւններուն պիտի մասնակցիմ», յայտարարեց Հոլանտ:
Mercie, President Francois Holland. Comme toujours vous etes acote des Armenians de France pour tous les occasions.
La France est toujours acote de sa pays soeur, Armenie.
Mercie la France. Vive les pays qui sont avec l,Armenie