
ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԷՄԱՆԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէի հանրային կապի յանձնախումբին, Ապրիլ 10, 2014ին, Լոս Անճելըսի Հիւսիսային Հովիտի Հայկական կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայ ժողովուրդի արդարադատ բազուկներէն՝ դաշնակցական գործիչ Արշաւիր Շիրակեանի կիսանդրիին:
Յանձնախումբին անունով բացման եւ բարի գալուստի խօսք կատարեց Վիլմա Գույումճեան, որ խորին երախտագիտութիւն յայտնեց կիսանդրիի հեղինակ Բիւզանդ Մէյմարեանին, որուն նուիրատուութեամբ է որ սոյն երեկոն կարելի եղաւ յաջողցնել: Ան ըսաւ, թէ այսօր «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէի ընկերներուն եւ մեծ ընտանիքին համար յատուկ եւ անկրկնելի օր է, որովհետեւ հայաշունչ այս կեդրոնը անգամ մը եւս կը կենդանանայ Արշաւիր Շիրակեանի ոգեղէն ներկայութեամբ ու այզգայնանուէր առաքելութեան շարունակութեամբ: Վ. Գույումճեան հաստատեց, թէ Շիրակեանի կտակը ցարդ կը շարունակուի:
Գույումճեանի խօսքէն ետք, ներկաները դիտեցին վաւերագրական տեսաերիզ մը, որ մանրամասն կ՛անդրադառնար Շիրակեանի կեանքին՝ սկսելով անոր պատանեկան օրերէն մինչեւ իր մահը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Տեսաերիզը իր նկարահանումներով եւ պատկերներով հանդիսատեսին առջեւ պարզեց «Նեմեսիս» գործողութեան որոշումներն ու դէպքերը, ինչպէս նաեւ՝ թուրք քաղաքական գործիչ Պեհաէտտին Շաքիրի, Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր յանցագործներէն՝ «Միութիւն եւ Եառաջդիմութիւն» կուսակցութեան 2րդ քարտուղար Ճեմալ Ազմիի, Ցեղասպանութեան կազմակերպիչներէն եւ թուրք պետական գործիչ՝ Երիտթուրքերու պարագլուխներէն Սայիտ Հալիմ Փաշայի ահաբեկումները՝ Շիրակեանի եւ անոր զինակից Արամ Երկանեանի կողմէ:
Ապա խօսք առաւ Վազգէն Մատէնլեան, որ հակիրճ կենսագրականով մը ներկայացուց Արշաւիր Շիրակեանի կեանքն ու բեղուն գործունէութիւնը: Մատէնլեան ըսաւ, թէ մեր ազգային ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ ահաբեկիչները միշտ յատուկ տեղ գրաւած են. -Առաջին՝ որովհետեւ անոնք եղած են արդարութիւնը գործադրող այն մարտիկները, որոնք հազարաւոր սիրտերու գոհունակութիւն պատճառած են, երբ զգետնած են ամբողջ ժողովուրդի մը դահիճները: Երկրորդ՝ ամէն անգամ, երբ այս ճիւաղներէն մէկը կը տապալէր, պատգամ մը կ՛ուղղուէր միւսներուն, թէ անոնք անպատիժ պիտի չմնային: Իսկ երրորդ՝ որոշ հմայք մը կայ մեր բոլորին մօտ՝ ահաբեկիչներուն հանդէպ, տր-ուած ըլլալով, որ անոնք խորհրդաւոր ձեւով կը գործեն՝ այսպիսով աւելի հմայիչ թուելով իրենց նուիրեալ ժողովուրդին: Մատէնլեան մէջբերելով տեսաերիզէն տեսարաններ՝ ներկաներու ուշադրութեան յանձնեց Շիրակեանի համակրելի դիմագիծը ու անոր ճարպիկ կերպարը: Շիրակեան իր կրակի մկրտութիւնը ստացաւ 1920ին, երբ ահաբեկեց հայ մատնիչ Վահէ Իհսանը, որ պատերազմի տարիներուն բազմաթիւ հայերու ձերբակալման եւ աքսորին պատճառ դարձած էր: Իհսանի այս դէպքէն ետք, Շիրակեան ուղարկուեցաւ Հռոմ՝ ստանձնելով Սայիտ Հալիմը ահաբեկելու պարտականութիւնը: Յիշեցնենք, թէ այն ժամանակ Իթթիհատի պարագլուխները արդէն իսկ լքած էին Թուրքիան եւ ապաստանած Եւրոպա: Շիրակեան յարմար առիթին սպաննեց Սայիտ Հալիմը:
Մատէնլեան ապա անդրադարձաւ Շիրակեանի գործունէութեան Պերլինի մէջ, ուր մեծ թիւով թուրքեր կային: 1922ին, երկար հետապնդումներէ ետք, Երկանեանի հետ միասին Շիրակեան յաջողեցաւ ահաբեկել Ճեմալ Ազմին ու Պեհաէտտին Շաքիրը: Մատէնլեան իր խօսքը աւարտեց բոլորին թելադրելով, որ անպայման կարդան Շիրակեանի ինքնակենսագրականը՝ «Կտակն Էր Նահատակներուն» գործը:
Ապա կրկին խօսք առաւ Վիլմա Գույումճեանը ներկայացնելու համար քանդակագործ Բիւզանդ Մէյմարեանը: Գույումճեան ըսաւ, թէ այս վերջինս 1963ին, Վենետիկի մէջ հետեւած է Academy of Fine Arts-ի քանդակագործութեան դասընթացքներուն, իսկ Քալիֆորնիա հաստատուելէ ետք դարձեալ հետեւած է արուեստից դասընթացքներու՝ իր արուեստը դնելով ամուր հիմերու վրայ եւ ապահովելով բարձր մակարդակ: Իր քանդակները պատրաստելու համար ան կ՛օգտագործէ տախտակ, կաւ, մարմար, երկաթ եւ պղինձ: Մէյմարեանի քանդակները կ՛ընգրկեն մեր պատմութեան հնագոյն էջերէն մինչեւ մեր օրերու հերոսական եւ առասպելատիպ տիպարները: Մեծապէս տպաւորուած հայ ազատագրական պայքարի տիպարներու կերպարներով՝ ան կը մղուի քանդակման արշաւին՝ կերպարներուն տալով կեանք եւ շունչ, հաւատալով, որ անոնք պիտի դառնան հայ ապագայ սերունդներու ներշնչման աղբիւրները: Վիլմա Գույումճեանի խօսքէն ետք, առիթ տրուեցաւ քանդակագործ հեղինակին ու անոր կնոջ՝ Անահիտին, որ փոխանցեն իրենց սրտի խօսքը:
Անահիտ Մէյմարեան ըսաւ, թէ ան բախտը ունեցած է երեք տարի վայելելու Արշաւիր Շիրակեանի ներկայութիւնը Նիւ Ճըրզիի մէջ, 1962-1965 տարիներուն, երբ ինք (Անահիտ) հայկական շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցչուհի էր: Ան անդրադարձաւ Շիրակեանի համեստ նկարագիրին, երբ Կիրակի օրերը կնոջ հետ եկեղեցի կ՛երթար: Մէջբերելով տարբեր մարդոց վկայութիւնները՝ Անահիտ Մէյմարեան, ըսաւ թէ Արշաւիր Շիրակեան Ռիչֆիլտի ՀՅԴ կոմիտէութեան ատենապետն էր եւ իր տան մէջ էր, ուր կը կատարուէին ժողովները: 1973ին, Շիրակեան հիւանդութեան հետեւանքով կը մահանայ, ուստի տեղի կ՛ունենայ ազգային թաղում, եւ ընկերները ուսամբարձ զինք կը տանին եկեղեցի:
Անահիտ Մէյմարեան նաեւ պատմեց, թէ ինչպէս Շիրակեանի դիակի հրկիզման ընդառաջ, ներկաներէն մէկը ուզած է ունենալ անոր աջ ցուցամատը, որ արձակեց արդարադատ գնդակները: Ներկաներուն համաձայնութեամբ՝ ոչ միայն մատը, այլ ամբողջ աջ ձեռքը արմուկէն վար կ՛անդամահատեն: Ան աւարտեց իր խօսքը՝ մէջբերելով Նորվեկիոյ Նանսէնի տուն-թանգարանի տնօրէնին կողմէ գրուած նամակով մը (ղրկուած իր ամուսնոյն՝ իբրեւ շնորհակալութիւն անոր Նորվեկիա ղրկած Նանսէնի կիսանդրիին համար), ուր ան կ՛ըսէ, թէ այդ բոլոր ազգութիւններէն, որոնք ստացած են «Նանսէնի Անձագիր»ը, հայերն են, որոնք ամէնէն երախտապարտներն են:
Ապա բեմ բարձրացաւ Բիւզանդ Մէյմարեան փոխանցելու համար իր պատգամը: Ան ըսաւ, թէ իր նպատակն է անմահացնել մեր հերոսները, որպէսզի անոնք մնան յարգուած մեր ապագայ սերունդներուն կողմէ: «Մեր նպատակն է մեր թոռներուն ժառանգել Գէորգ Չաւուշի եւ Նժդեհներու առաքելութիւնը», նշեց ան: Աւարտելով իր խօսքը՝ Մէյմարէան ըսաւ, որ թող մեր հերոսներուն քանդակները տեղ գտնեն մեր տուներէն ներս եւ այսպիսով անմահանան իւրաքանչիւր հայու սիրտին ու հոգիին մէջ:
Օրուան վերջին պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Թորոս Քէչէճեան: Ան նոյն կոմիտէի ընկերներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ քանդակագործ Բիւզանդ Մէյմարեանին, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ իրագործել սոյն ձեռնարկը: Քէչէճեան եզրափակեց իր խօսքը՝ ըսելով, թէ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններով մեր հերոսներու յիշատակը անմար կը մնայ եւ ապագայ սերունդներու դաստիարակութեան մէջ մեծ դեր կը խաղայ:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ կիսանդրիի քօղազերծման արարողութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ հիւրասիրութիւն: