(Օրը Օրին. «Պարզագոյն Հաշուարկ», «Ասպարէզ», Հինգշաբթի, 3 Ապրիլ, 2014)
Դժուար Չէ, Ընկեր Աբօ
Դժուար չէ, որովհետեւ մեզի պէս շատեր, տարիներով, թերեւս բնազդաբար, թրքական ապրանքները մերժած են գնել որեւէ տեղէ (նոյնիսկ հրաժարած են հնդկահաւ ծախու առնել եւ ուտել, որովհետեւ անգլերէն լեզուով ցեղասպանի անունը կը կրէ. դժբա՜խտ կենդանի):
Սակայն այսօր դժուարը այն է, որ «դժուարացած» ենք «պելի տենսըր»ի նկարով կամ ծխախոտի-«ներկիլէ»ի գիշերներ կազմակերպող հաստատութիւններու յայտարարութիւնները չընդունիլ: Թէեւ ունեցած ենք հաստատամիտ խմբագիրներ, որոնք մերժած են նմանօրինակ յայտարարութիւններ հրատարակել՝ նոյնիսկ թերթի նիւթական անձուկ պայմաններուն ժամանակ:
Այո՛, ընկեր խմբագիր, համաձայն եմ ձեզի հետ, ձեր «Օրը Օրին»ի վերջաւորութեան դրած հարցադրումին կամ ակնարկին, թէ՝ «Որքա՞ն դժուար կրնայ ըլլալ»:
Սիրելի ընկեր Աբօ, անկասկած ըսել կ՛ուզէք դժուար չէ, երբ համոզուած ենք մեր ըսածին կամ ըրածին. պարզապէս պէտք է սկսինք գործադրելու:
Ուստի՝ քայլ առա՛ջ:
ՍԱԼԲԻ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ