ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- 2014ի Աւագ շաբաթը իւրայատուկ իմաստ մը ունեցաւ Արեւմտեան թեմին համար։ Աւագ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 16ի առաւօտուն, գլխաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականաց դասուն, Միշըն Հիլզի «Արարատ Տուն»ին մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն եւ բաշխուեցաւ Ս. հաղորդութիւն։
Առաւօտեան ժամը 10ին հիւանդանոցի բաժինին մէջ տեղի ունեցաւ Տնօրհնէքի արարողութիւն, ուր օրհնուեցան հաստատութեան աղը, հացն ու ջուրը։ Առաջնորդը այս առիթով շնորհաւորեց «Արարատ Տուն»ի բնակիչները եւ իր օրհնութիւնները բաշխեց պատսպարեալներուն ու հաստատութեան պատասխանատուներուն՝ շեշտելով, որ տարեցները յատուկ տեղ ունին մեր կեանքէն ներս: Սրբազանը մաղթեց, որ Ս. Յարութեան տօնը իրեն հետ բերէ առողջութիւն եւ արեւշատութիւն մեր բոլոր տարեցներուն։
Ան բարձրօրէն գնահատեց ու օրհնութեան խօսք փոխանցեց նաեւ հաստատութեան հոգաբարձութեան եւ աշխատակազմին, իրենց բծախնդիր ու նուիրեալ ծառայութեան համար։
Յուզիչ անակնկալ մըն էր ծանօթանալ Ցեղասպանութենէն վերապրող 100ամեայ Եւնիկէ Սալիպեանին, զոր օրհնեց առաջնորդը։ Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հաւաքական խոստովանանք եւ բաշխուեցաւ Ս. հաղորդութիւն։ Իւրաքանչիւր պատսպարեալի տրուեցան Ազգ. առաջնորդարանին կողմէ պատրաստուած յատուկ աղօթքներ։
«Արարատ Տուն»ի հոգաբարձութեան ատենապետ Ժոզէֆ Կանիմեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին եւ հոգեւորականաց դասուն, իրենց այցելութիւններուն եւ մնայուն գուրգուրանքին համար։ Ապա երգուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգը։
Հոգեւորականները ապա ուղղուեցան մատուռ, ուր առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն, որ ստացաւ պատմական հանգամանք, որովհետեւ այնտեղ լուացուեցան 12 տարեց հայրիկներու ոտքերը՝ նկատի ունենալով, որ 2014ը Արամ Ա. վեհափառին կողմէ հռչակուած է «Տարեցներու Տարի»։ Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց առաջնորդը։ Ներկայ էին նաեւ հաստատութեան պատսպարեալներն ու պատասխանատուները։
Ոտնլուայի արարողութեան ընթացքին, այն պահուն, երբ առաջնորդը տարեց պատսպարեալներէն Անդրանիկ Արծրունեանի ոտքը կը լուար, ան փառք տալով Աստուծոյ՝ անակնկալ կերպով վկայեց, թէ 15 օր առաջ, իր երազին մէջ տեսած էր Ոտնլուայի այս պատկերը, եւ ահաւասիկ այսօր իսկ իր ոտքերը կը լուացուէին։ Այս վկայութիւնը մեծ տպաւորութիւն ձգեց եւ գնահատուեցաւ բոլոր ներկաներուն կողմէ: Սրբազանը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ, թէ այս վկայութիւնը ինքնին մեզի յոյս կը ներշնչէ, թէ Աստուած կ՛ընդունի մեր ուխտն ու աղօթքները։
Արարողութենէն ետք հոգեւորականաց դասը ուղղուեցաւ ճաշասրահ, մասնակցելու համար սիրոյ սեղանին, որուն ընթացքին նաեւ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մեր տարեցներուն հետ։
«Արարատ Տուն»ի պատասխանատուները, պատսպարեալներն ու իրենց հարազատները, յուզուած եւ ներշնչուած օրուան արարողութենէն՝ փառք տուին Աստուծոյ եւ անհուն շնորհակալութիւն յայտնեցին սրբազանին եւ հոգեւորականաց դասուն, այս պատմական օրուան առիթով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.