
ՕՏԵՍԱ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Մայիս 5ին, արեւելեան եւ հարաւային Ուքրանիոյ զանազան շրջաններու մէջ բախումները շարունակուեցան ուքրանական ապահովական մարմիններու եւ ռուսամէտ ուժերու միջեւ:
Անցեալ շաբաթ սկսած Սլովիանսքը վերագրաւելու գործողութեան ընթացքին, ուքրանական երրորդ ուղղաթիռ մը զգետնուեցաւ Երկուշաբթի օր, մինչ ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ չորս զինուորներ եւս սպաննուած են Մայիս 5ին: Ռուսական աղբիւրներու համաձայն՝ սպաննուած են նաեւ երկու քաղաքայիններ:
Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը Երկուշաբթի օր հարիւրաւոր յաւելեալ ոստիկաններ ղրկեց Օտեսա՝ ձերբակալելով 42 ռուսամէտ ցուցարարներ ու զանոնք պատասխանատու նկատելով անցնող շաբաթավերջին այդ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն, որոնք 40է աւելի զոհ պատճառած էին: Ըստ «Իթար-Թասս»ի՝ Երկուշաբթի օր ձերբակալուածները Օտեսայէն հեռացուած ու կեդրոնական Ուքրանիա փոխադրուած են:
Ռուսամէտ ցուցարարներ Կիրակի օր յարձակում գործած էին Օտեսայի ոստիկանութեան կեդրոնատեղիին վրայ՝ ապահովելով 67 բանտարկուած ցուցարարներու ազատութիւնը: Հարիւրաւոր ցուցարարներ հաւաքուած էին շէնքին առջեւ՝ պահանջելով ազատ արձակել Ուրբաթ օրուան բախումներուն ընթացքին ձերբակալուածները:
Ուրբաթ գիշեր արձանագրուած զոհերուն մեծամասնութիւնը ռուսամէտ ցուցարարներ էին, որոնք զոհ գացին, երբ հրկիզուեցաւ այն շէնքը, ուր հաւաքուած էին:
Ուքրանիոյ ժամանակաւոր վարչապետ Արսէնի Եացենիուք, որ Օտեսա այցելեց, ոստիկանութիւնը ամբաստանեց բռնարարքները կանխարգիլելու փորձին մէջ ձախողելու յանցանքով եւ հրամայեց դէպքին շուրջ հետաքննութիւն կատարել: Ան նաեւ նշեց, որ խռովարարութիւնը Ռուսիոյ կողմէ հրահրուած՝ «Ուքրանիան քանդելու ծրագիրին» մաս կը կազմէ: «Ռուսիոյ նպատակը Օտեսայի մէջ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ պատահածը կրկնելն է», ըսաւ ան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ԵԱՀԿէն պահանջեց «Ուքրանիոյ դէպքերուն առարկայական գնահատական մը» տալ եւ Արեւմուտքը ամբաստանեց Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող աղէտալի դէպքերը «տեղեկատուական շրջափակումի» ենթարկելու յանցանքով:
«Մինչեւ իսկ ԵԱՀԿի շրջանակէն ներս ոչ ոք գիտէ, որ Ուքրանիոյ մէջ այսօր արիւնահեղութիւն տեղի կ՛ունենայ եւ բանակը անզէն մարդոց դէմ կրակ կը բանայ, ուստի նման պայմաններու մէջ ի՞նչ խօսքի ազատութեան եւ մամլոյ ազատութեան մասին կարելի է խօսիլ», նշուած է արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: