ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցի վարչական անձնակազմի անդամները, բժիշկները, բուժքոյրերն ու հիւանդները միասնաբար մասնակցեցան այս տարուան Աւագ Ուրբաթ օրուան արարողութեան, որուն հանդիսապետեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան: Սրբազանն ու իր պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան հիւանդանոցի նախագահ Քեւըն Այվիի, հիւանդանոցի հանրային յարաբերութեանց վարիչ Մարի Ֆիլիփեանի եւ հիւանդանոցի հոգեւոր հոգածութեան վարիչ՝ պատուելի Քէյսի ՄըքՔարթիի, ինչպէս նաեւ աւելի քան 50 վարչական անդամներու, բժիշկներու եւ հի-ւանդներու կողմէ:
Առաջնորդը ներկաներուն բացատրեց քրիստոնեաներուն համար Աւագ Ուրբաթ օրուան հոգեւոր նշանակութիւնը, ապա իր հոգեւոր պատգամը փոխանցելէ ետք՝ առիթ ունեցաւ ողջունելու հիւանդանոցի անձնակազմը եւ հիւանդները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.