
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 30ին տեղի ունեցաւ Երիտասարդ քրիստոնեայ կանանց միութեան (YWCA) Կլենտէյլի մասնաճիւղին 17րդ տարեկան Ժառանգութեան ճաշկերոյթը, «Օքմանթ» ակումբի սրահին մէջ:
Ձեռնարկին ընթացքին մեծարուեցան կանանց եւ երեխաներու սպասարկութիւններ մատուցած անձնաւորութիւններ: Միութեան «Սիրտ եւ Գերազանցութիւն» մրցանակը ստացողներէն մէկն էր Սեդա Խոճայեանը:
Ներկաներու շարքին էին Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան, քաղաքի վարիչ Սքաթ Օչօա, քաղաքի յանձնաժողովներու յանձնակատարներ Լինտա Պըրն, Շոռն Ուայզմեն եւ Փաուլա Տիվայն, Կլենտէյլի համայնքային քոլեճի հոգաբարձու Արմինէ Յակոբեան, հիւրընկալ միութեան ատենապետուհի դոկտ. Քերըլ Պըրթըն եւ փոխատենապետուհի Իլենա Պլիքըր, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեան, փոխատենապետուհի Քարմէն Լիպարիտեան, Նանիկ Գուփէլեան, Ճասիկ Ջառահեան եւ ՀՕՄի «Սիփան», «Կարս», «Անի», «Արազ» եւ «Ծովինար» մասնաճիւղներէն ընկերուհիներ: