
ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».– Հայաստանն ու Գերմանիան ստորագրած են հայկական խաղաղապահ ստորաբաժանում մը Քապուլի «Քեմփ Քասապա» զինուորական աւանին մէջ վերատեղակայման եւ ապահովման խնդիրները կարգաւորող միջգերատեսչական համաձայնագիր:
12-13 Մայիսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան Փոտստամի մէջ մասնակցած է Աֆղանիստանի մէջ ՆԱԹՕի կողմէ իրականացուող «ISAF» առաքելութեան Հիւսիսային հրամանատարութեան ուժեր տրամադրող երկիրներու ռազմաքաղաքական ծրագրաւորման համաժողովին:
Համաժողովին ընթացքին քն-նարկուած են Աֆղանստանի մէջ 2015 թուականի Յունուարէն մեկնարկող ՆԱԹՕի «Վճռական աջակցութիւն» առաքելութեան ծրագրաւորման առնչուող հարցեր:
Համաժողովին մասնակցող 19 երկիրներու միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է՝ Աֆղանիստանի հիւսիսը ստեղծուելիք հրամանատարութեան կառուցուածքի, զօրային ծրագրաւորման եւ ապահովման հայեցակարգին առնչութեամբ:
Հայկական կողմը Հիւսիսային հրամանատարութեան ղեկավար հանդիսացող Գերմանիոյ վերահաստատած է «Վճռական աջակցութիւն»ն ու առաքելութեան մասնակցելու յանձնառութիւնը: