
ԵՐԵՒԱՆ.– «Հաշուի առնելով տարածաշրջանում տեղի ունեցող զարգացումները, մասնաւորապէս՝ Ուկրաինայի դէպքերը, Ֆրանսիայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի այցը մեր տարածաշրջան բաւական կարեւոր իրադարձութիւն էր», 15 Մայիսին, «Ֆորում» մամլոյ ակումբին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի գրասենեակի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
Ըստ անոր՝ նախագահ Հոլանտը ճիշդ շեշտադրումներ կատարած է Հայաստանի եւ հայութեան վերաբերեալ. «Եթէ ընդհանուր առմամբ արժեւորենք, ապա հին բարեկամի մօտ այցելութիւն էր»:
«Հայաստանի եւ Ֆրանսիայի տնտեսական յարաբերութիւնները, սակայն, չեն համապատասխանում երկու երկրների միջեւ եղած բարեկամական յարաբերութիւններին», դիտել տուած է Մանոյեան՝ շարունակելով, թէ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները տնտեսական բնագաւառին մէջ սերտանալու կարիք ունին:
Ֆրանսայի նախագահին այցելութեան առնչուող այլ հանգամանքներուն անդրադառնալով՝ Կ. Մանոյեան յայտնած է. «Դա, իմ կարծիքով, Հայաստանի իշխանութիւնների ձախողումն էր. այն է, որ Ֆրանսիայի նախագահի հետ պաշտօնական հանդիպումներին ընդդիմութիւնից որեւէ մէկը հրաւիրուած չէր, այնինչ նախագահին ուղեկցող ֆրանսիական պատուիրակութեան կազմում ինչպէս հայկական համայնքի տարբեր քաղաքական հայեացքներ կրող անդամներ էին, այնպէս էլ այդ երկրի տարբեր քաղաքական ուժերի ներկայացուցիչներ»:
Բացի ատկէ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին նստավայրին մէջ կայացած պաշտօնական ընթրիքին Հոլանտ յիշած է 2007ին տուած իր այցելութիւնը, որ Դաշնակցութեան հրաւէրով տեղի ունեցած էր, մինչդեռ սեղանին շուրջ այդ կուսակցութեան ոչ մէկ ներկայացուցիչ կար. «Եւ դա ամենալաւ տպաւորութիւնները չի թողել ֆրանսիական կողմի վրայ», յայտնած է Մանոյեան։
Կիրօ Մանոյեան կարեւոր նկատած է նաեւ Ֆրանսուա Հոլանտի Արցախի վերաբերեալ այն յայտարարութիւնը, որ Ֆրանսա խնդիր չի տեսներ կամքի արտայայտութեան նկատմամբ:
Անդրադառնալով Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած միջոցառումներուն՝ Կիրօ Մանոյեան նշած է, թէ ծրագիրները, անշուշտ, կարեւոր են, բայց աւելի կարեւոր է այն պատգամը, որ մենք պէտք է փոխանցենք աշխարհին: «Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցին հայութեան գործողութիւնները պէտք է լինեն միասնական, պէտք է ճանաչումից այն կողմ անցնենք եւ պահանջենք հատուցում: Պէտք է շեշտադրումները ճիշդ դնել եւ յստակ պատգամ փոխանցել, թէ մենք ինչ ենք ուզում աշխարհից եւ Թուրքիայից», յայտարարած է Կ. Մանոյեան՝ ընդգծելով, թէ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրը վաղեմութեան ժամկէտ չունի, բայց անտարբերութեան պարագային հատուցման իրաւունքէն, ըստ միջազգային իրաւունքին, կրնաս զրկուիլ: Հատուցման իրաւունքէն զրկուելու վտանգ տակաւին չունի Հայաստանը:
Ըստ Կիրօ Մանոյեանի՝ Ֆրանսան, այնուամենայնիւ, պիտի ընդունի Ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող օրէնքը, սակայն տակաւին կը սպասէ Եւրադատարանի որոշման՝ Զուիցերիոյ մէջ հանման իրաւական եզրը անընդունելի նկատելու առնչուող. «Այդ օրինագիծը պէտք է համապատասխանեցուի նաեւ Ֆրանսիայի սահմանադրութեանը, ստանայ Սահմանադրական խորհրդի համաձայնութիւնը, քանի որ անիմաստ է ընդունել օրէնք, որը հետագայում կարող է անվաւեր կամ հակասահմանադրական ճանաչուել»:
Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Ատըմ Շիֆի՝ վերջերս Թուրքիոյ մէջ ունեցած բարձրաստիճան հանդիպումներուն եւ անոնց ընթացքին արծարծուած խնդիրներուն՝ Կիրօ Մանոյեան նշած է, որ նմանատիպ ճնշումներ յառաջիկայ տարուան ընթացքին շատ պիտի ըլլան: «Շիֆի լրատուութեան համաձայն՝ ինքը բաւական սուր կերպով է խնդիրները ներկայացրել, բայց պարզ չէ, թէ դիմացի կողմը ինչպէս է արձագանգել: Բնական է, որ նման ճնշումների պատճառով է, որ Թուրքիան արեց Ապրիլի 23եան յայտարարութիւնը: Կարծում եմ, որ մինչեւ միւս տարի Թուրքիան անընդհատ փորձելու է տարբեր հնարքներ ձեռնարկել հնարաւորիս մեղմացնելու իր վրայ տեղացող միջազգային ճնշումները», նշած է ան։
Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու խորացման անդրադառնալով՝ Մանոյեան դիտել տուած է, որ Հոլանտ յանձնառու եղաւ ճանապարհ հարթել այդ ուղղութեամբ։ «Նախագահ Հոլանտը յայտարարեց, որ ինքը ձեռնամուխ կը լինի, որ Հայաստանի ու ԵՄ միջեւ ինչ որ ասոցացման փաստաթուղթ ստորագրուի: Կարծում եմ, որ սա նոյնպէս շատ կարեւոր է», նշած է Մանոյեան՝ միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ այս պարագային այս ուղղութեամբ պէտք է աշխատի ոչ թէ Հայաստանը, այլ հակառակը՝ Եւրոպական Միութիւնը:
«Կարծում եմ, որ ԵՄը սխալ թոյլ տուեց ինչպէս Ուկրաինայի պարագայում, այնպէս էլ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները թուլացնելով: ԵՄն իր մեղքի բաժինն ունի եւ պէտք է իր յետագայ յարաբերութիւնների զարգացման համար որոշակի սրբագրումներ կատարի», շեշտած է ան՝ նկատել տալով, որ Հայաստան նոյնիսկ 3 Սեպտեմբերէն ետք միշտ յայտարարած է, որ կ՛ուզէ Եւրոպայի հետ իր յարաբերութիւնները շարունակել, մինչդեռ Եւրոպան Հայաստանէն երես թեքեց առանց որեւէ պատճառի:
«Հայաստանի՝ Մաքսային միութեան վերաբերեալ որոշումից յետոյ Եւրոպական Միութիւնն հրաժարուեց Հայաստանի հետ Ազատ եւ խորը համապարփակ առեւտրի պայմանագիր ստորագրել, դա սխալ ետքայլ էր», աւելցուցած է Մանոյեան՝ շարունակելով, որ ատիկա մերժելու համար ոչ մէկ հիմնաւորուած պատճառ կար, մանաւանդ որ Մաքսային միութիւնը խոչընդոտ չէր հանդիսանար Եւրոպական միութեան հետ այդ համաձայնագիրը կնքելու. «Աւելին՝ ոչ մի պատճառ չկար, որպէսզի Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւնները թոյլանային: Մնում է, որ ԵՄ իր կեցուածքը գոնէ հիմա սրբագրի ու չասի, որ եթէ Հայաստանը որոշել է շարունակել տնտեսական յարաբերութիւնները Մաքսային միութեան հետ, չի կարող Եւրոպայի հետ յարաբերութիւնները շարունակել ու խորացնել: