ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնէթ».– Յունուար-Մարտին հայաստանեան դրամատուներուն մէջ դասակարգուած վարկերու ծաւալը հասած է 111 միլիառ դրամի:
Այս տարուան առաջին եռամսեակին դրամատուներուն զուտ շահոյթը գրեթէ կրկնապատկուած է՝ կազմելով 7,68 միլիառ դրամ, ինչ որ պայմանաւորուած է հիմնականին մէջ նախորդ տարուան առաջին եռամսեակին շահոյթի փոքր ծաւալով: Ընթացիկ ցուցանիշը այնքան է, որքան 2012ի առաջին երեք ամիսներուն, եւ գրեթէ այնքան, որքան 2011ի առաջին եռամսեակին:
Համաձայն Կեդրոնական դրամատան վիճակագրական տուեալներուն՝ այս տարուան առաջին եռամսեակին դրամատուներու տոկոսային եկամուտներու աճի մակարդակը 2,3 անգամ գերազանցած է տոկոսային ծախսերը. առաջին եռամսեակին տոկոսային եկամուտները աւելցած են 6,1 միլիառով, տոկոսային ծախսերը՝ 2,8 միլիառով: Առաջին եռամսեակին դրամատուները ստացած են 66 միլիառ դրամի տոկոսային եկամուտ եւ կատարած 35,5 միլիառի տոկոսային ծախսեր:
Եթէ հաշուի առնենք, որ աւանդներու թղթապնակի աճը 2013ի Մարտի աւարտէն մինչեւ 2014ի Մարտի վերջը կազմած է 22,3 տոկոս կամ 300 միլիառ դրամ, իսկ վարկային թղթապնակը աւելցած է 8,6 տոկոսով կամ 142 միլիառով, ապա դրամատուներու տոկոսային ծախսերու աճը աւելի մեծ պէտք է ըլլար։ Սակայն վարկային թղթապնակի կառուցուածքէն կ՛երեւի, որ տոկոսային եկամուտներու աճ արձանագրուած է հիմնականին մէջ սպառողական վարկերու հաշուոյն (սպառողական վարկերու տոկոսները կը տատանին 20-24 տոկոսի ծիրին մէջ). սպառողական վարկերու թղթապնակը այս ընթացքին աւելցած է 74,88 միլիառով կամ 23 տոկոսով:
Այս տարուան առաջին եռամսեակին դրամատուներու վարկային թղթապնակին մէջ դասակարգուած վարկերու մասնաբաժինը կազմած է 5,6 տոկոս կամ 111 միլիառ դրամ. 2013ի Յունուար-Մարտին այս ցուցանիշը 5,2 տոկոս էր կամ 93 միլիառ:
Վարկային թղթապնակի աճի պայմաններուն մէջ դասակարգուած վարկերու ծաւալի աճը բնական է, յատկապէս, երբ անիկա վատթարացած է հիմնականին մէջ «հսկուող» վարկերու հաշուոյն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.