ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) 12 Մայիսին արձակած է իր մեծագոյն դատավճիռը, որ երբեւէ կայացուցած է որեւէ երկրի դէմ՝
«Կիպրոս՝ ընդդէմ Թուրքիոյ» գործով դատարան դիմուած էր 1999 թուականին՝ հիւսիսիային Կիպրոսի գրաւումէն 25 տարի ետք: Դեռ 2001 թուականին, երբ դատարանը վճռած էր, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը խախտած է եւրոպական համաձայնագիրի մարդու իրաւունքներու բազմաթիւ յօդուածներ, ՄԻԵԴը յետաձգած էր Թուրքիոյ կողմէ վճարուելիք տուգանքի չափին սահմանումը:
Այդ որոշումը կայացուեցաւ այս ամսուան սկիզբը, երբ ՄԻԵԴի Մեծ պալատի 17 դատաւորները հրապարակեցին իրենց վերջնական դատավճիռը: 16 թեր եւ 1 դէմ քուէարկութեամբ (հայ եւ կիպրացի դատաւորները քուէարկած էին մեծամասնութեան հետ, իսկ թուրք դատաւորը միակ ընդդիմադիրն էր) Եւրոդատարանը վճռեց, որ դատարանի 2001 թուականի որոշումը անվաւեր չի կրնար ճանչցուիլ այն պատճառով, որ անցած է 13 տարի, ինչպէս կը պնդէր Թուրքիան: 15 թեր եւ 2 դէմ քուէարկութեամբ ՄԻԵԴը ընդունեց, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը պարտաւոր է վճարել 41 միլիոն տոլար, յաւելեալ հարկեր եւ տոկոսներ (եթէ չվճարուի երեք ամսուան ընթացքին) 1456 կիպրացի յոյներու համար, որոնք անհետ կորած են 1974 թուականին Կիպրոս թրքական ներխուժման պատճառով: Մէկ այլ՝ 15 թեր եւ 2 դէմ ձայներով ՄԻԵԴը վճռեց, որ Թուրքիան պէտք է վճարէ յաւելեալ 82 միլիոն տոլար, յաւելուած տարբեր հարկեր եւ տոկոսներ (եթէ չվճարուի երեք ամսուան ընթացքին) այն վնասներուն համար, զորս կրած են Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի Կարպաս շրջանի թերակղզիին մէջ բնակող կիպրացի յոյները:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու դատարանի վճիռէն անմիջապէս առաջ զուր ջանքեր գործադրեց կանխելու ՄԻԵԴի ակնկալուող բացասական որոշումը՝ նախազգուշացնելով, որ Թուրքիոյ դէմ կայացուող վճիռը պիտի խոչընդոտէ Կիպրոսի տագնապի կարգաւորման ընթացիկ բանակցութիւնները: Դատարանը արդարացիօրէն անտեսեց Տաւութօղլուի սպառնալիքը եւ արձակեց իր որդեգրած սկզբունքային վճիռը՝ յօգուտ Կիպրոսի:
Անկարող ըլլալով դատաւորներուն սպառնալու՝ Տաւութօղլու արհամարհանքով յայտարարեց, որ Թուրքիան կը մերժէ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպայի բարձրագոյն դատարանին դատավճիռը՝ նշելով, որ իր երկիրը պիտի մերժէ վճարել 123 միլիոն տոլար գումարը իբրեւ վնասի փոխհատուցում:
Հարկ է յիշեցնել Տաւութօղլուին, որ ՄԻԵԴի «Մեծ պալատի դատավճիռները վերջնական են». անոնք վերանայման ենթակայ չեն, եւ ըստ դատական գործերու նիւթերուն, «բոլոր վերջնական դատավճիռները կը փոխանցուին Եւրոպայի խորհուրդի նախարարաներու կոմիտէին՝ անոնց գործադրման վերահսկողութեան համար»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին ամբարտաւան յայտարարութիւնը անկասկած մօտիկ ապագային յաճախանք պիտի դառնայ իր կառավարութեան համար: Եւրոպայի խորհուրդի բոլոր անդամները, առանց բացառութեան, պարտաւոր են ենթարկուիլ Եւրոդատարանի որոշումներուն: Դատարանին վճիռները պարտադիր են բոլոր անդամ պետութիւններուն համար: Վերջին քանի մը տասնամեակներուն ընթացքին Թուրքիան հարիւրաւոր դատական գործեր կորսնցուցած է Եւրոդատարանին մէջ եւ կամայ-ակամայ տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ վճարած է իբրեւ տուգանք: Թուրքիան այլընտրանք չունի, եթէ կը փափաքի մնալ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ: Պատահած է, որ ՄԻԵԴի որոշումներուն իբրեւ արձագանգ՝ թրքական իշխանութիւնները նախ յոխորտացած են, որ պիտի չվճարեն սահմանուած տուգանքները, սակայն, ի վերջոյ, ամբողջութեամբ վճարած են պահանջուած փոխհատուցումն ու տոկոսները եւս:
Եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը յամառօրէն կառչած մնայ Տաւութօղլուի պարծենկոտ մերժման, ուստի Թուրքիան պիտի զրկուի ոչ միայն Եւրոպայի խորհուրդի անդամակցութենէն, այլ նաեւ պիտի կորսնցնէ Եւրոմիութեան միանալու իր շատ խեղճ կարելիութիւնն անգամ:
Եւրոպայի խորհուրդի անդամ պետութիւնները իրաւունք չունին որոշելու՝ արդեօք կը փափաքի՞ն կատարել ՄԻԵԴի վճիռները: Հակառակ պարագային, ինչո՞ւ 47 եւրոպական երկիրներ միասնաբար տարեկան շուրջ 100 միլիոն տոլար պիտի ծախսեն դատարան պահելու համար, եթէ անոր վճիռները անիմաստ են կամ ենթակայ են կամաւոր կատարման:
Վերջերս Թուրքիոյ ղեկավարները արհամարհած են գրեթէ բոլոր ներքին եւ միջազգային օրէնքները՝ բանտարկելով մրցանշային թիւով լրագրողներ, կրակելով Կեզի հանրապարտէզի խաղաղ ցուցարարներուն վրայ, ծեծելով հանքերու պայթումէն տուժածներու ընտանիքի անդամները, հակասեմական յայտարարութիւններ ընելով, սպառնալով վտարել Միացեալ Նահանգներու դեսպանը եւ Սպիտակ տան մէջ մատ թափահարելով նախագահ Օպամային երեսին…
Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու կոմիտէն պէտք չէ հանդուրժէ խայտառակուած անդամ պետութիւնը, որ մարդու իրաւունքներու հիմնական խախտողներէն է: Խորհուրդը պէտք է Թուրքիան ազդարարէ, որ եթէ անյապաղ միջոցներու չձեռնարկէ 123 միլիոն տոլար տուգանքը վճարելու համար, ուրեմն պիտի հեռացուի Եւրոպայի խորհուրդէն եւ պիտի բռնագրաւուին անոր կալուածները երրորդ երկիրներու մէջ՝ ստիպելով անոր ի կատար ածել դատարանին վճիռը:
Եւրոպան պէտք է խիստ դիրքորոշում ցուցաբերէ այս դատավճիռին հարցով, քանի որ տակաւին նման բազմաթիւ դատավճիռներ պիտի արձակուին Թուրքիոյ դէմ Կիպրոսի վերաբերեալ, եւ հաւանաբար օր մը նաեւ հայկական փոխհատուցման եւ հողային պահանջներով…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը