
Չորեքշաբթի, 21 Մայիսի առաւօտուն, Թաւրիզի Բժիշկներու եւ Առեւտրականներու միութիւնները ներկայացնող զոյգ պատուիրակութիւններ, ինչպէս նաեւ առաջնորդարանի «Շահնազ» պողոտայի Վաճառականներու միութեան ներկայացուցիչները շնորհաւորական այցելութեան համար ժամանեցին Ատրպատականի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարան, իրենց բարեմաղթութիւնները ներկայացնելու համար Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանին, Եպիսկոպոսական օծում ստանալուն առիթով:
Սրբազան հօր Անթիլիասի Մայրավանքէն վերադարձին, անոնք շնորհաւորական յատուկ մեծադիր պաստառով իրենց բարեմաղթանքները հրապարակաւ յայտնած էին, սակայն սոյն հանդիպման ընթացքին նաեւ պաշտօնական խօսքերով իրենց բոլոր գործակիցներուն անունով շնորհաւորանք ներկայացուցին:
Իրենց այցելութեան ուրախ առիթով, թէ՛ Բժիշկներու միութեան եւ թէ Առեւտրականներու միութեան ներկայացուցիչները յատուկ յուշանուէրներ յանձնեցին առաջնորդին, նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով անոր, իր պատասխանատու պաշտօնին վրայ: