ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինիա Նաու».– Նշանաւոր դերասան Վարդան Պետրոսեանի ֆրանսացի փաստաբանը հաստատած է, որ դատավարութիւնը կ՛ընթանայ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտի շատ մեծ խախտումներով:
Դերասանին փաստաբաններ՝ Նիկոլայ Բաղդասարեանն ու Մարի Լոր Տոզէն 21 Մայիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին՝ անդրադառնալով դժբախտ պատահարին եւ գործի դատավարութեան, իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են գործի արդար դատաքննութեան առնչութեամբ:
«Այս գործին մէջ դէպքերը գլխիվար շրջուած են: Չէի կրնան պատկերացնել, որ մինչ Պետրոսեանը չէ մեղադրուած հարբած ըլլալու յանցանքով, դատարանը յանկարծ կ՛որոշէ ալքոլի առկայութեան վերաբերեալ քննութիւն կատարել. ասիկա անհանգստացնող ու հիասթափեցնող է», դիտել տուած է փաստաբան Մարի Լոր Տոզէն՝ աւելցնելով, որ դատական նիստերէն մէկուն ընթացքում Վարդան Պետրոսեանին շարունակաբար կ՛ըսէին. «Ասա՛, որ խմած ես եղել», իսկ նախորդ դատական նիստին ընթացքին տուժող կողմի ներկայացուցիչներէն մէկը Վարդան Պետրոսեանը կոչած էր «թշուառ հարբեցող»:
Ըստ փաստաբանին՝ առանց Վարդան Պետրոսեանին հարբած ըլլալու հանգամանքը կեղծելու, չեն կրնար անոր մեղաւորութիւնը ապացուցել:
«Ես կը պնդեմ ու կը հաստատեմ, որ այս դատավարութիւնը կ՛ընթանայ Եւրոպական ուխտի խախտմամբ, երբ մարդը չեն մեղադրեր ինչ որ բանով մը, բայց յետոյ կ՛որոշեն, որ ան այդ հարցով պիտի մեղադրուի: Ուխտը կ՛անտեսուի, երբ կալանքի ժամկէտը կ՛երկարաձգուի առանց ըսելու պատճառն ու ճշդելու ժամանակը», դիտել տուած է ֆրանսացի փաստաբանը։
Փաստաբան Նիկոլայ Բաղդասարեանի համաձայն՝ դէպքի վկաները տուժողներն են ու Վարդան Պետրոսեանը, եւ դատարանի հիմնաւորումը, թէ կալանքը դադրեցնելու պարագային Վարդան Պետրոսեան կրնայ ճնշում գործադրել վկաներուն վրայ, անտրամաբանական է, իսկ փախուստի վտանգը անհասկնալի է, քանի որ Վարդանին երկու անձնագիրները կը պահուին իրենց քով :
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.