ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ խորհրդարանը Չորեքշաբթի, Մայիս 21ին շարունակեց քննել Սոմայի ածխահանքի արկածին մասին խորհրդարանական քննիչ յանձնախումբ մը կազմելու առնչութեամբ՝ իշխող եւ ընդդիմադիր կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած առաջարկները, բաւական զայրացկոտ ճառախօսութիւններով: Ի վերջոյ, խորհրդարանը որոշեց կազմել քննիչ յանձնախումբ մը, որ պիտի բաղկանայ 17 անդամներէ եւ նշանակման թուականէն երեք ամիս ետք պարտի զեկուցում ներկայացնել խորհրդարանին:
Միւս կողմէ, կառավարութիւնը իր Մայիս 21ի ժողովին ընթացքին քննեց սոյն հարցը: Ընդդիմադիր շրջանակները կը յիշեցնեն, որ վարչապետ Էրտողան Սոմայի մէջ զինք շրջապատող ու քննադատող ժողովուրդին դիմաց զայրացած է ու նոյնիսկ բողոքարկուներէն մէկը ապտակած։ Նախարարաց խորհուրդի նիստէն ետք, այս մասին բացատրութիւններ տուաւ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչ, որ պնդեց, թէ վարչապետը ոչ մէկը ապտակած է, այլ կրնայ տարբեր նպատակով մը ձեռքը ցուցարարներէն մէկուն երկարած ըլլալ:
Այլ հարց մը, որ քանի մը օրէ ի վեր կ՛արծարծուի, Սոմայի 301 զոհերը «նահատակ» հռչակելու խնդիրն է: Արընչ շեշտեց, թէ այս կապակցութեամբ որոշում չէ տրուած։
Ան ընդգծեց, որ հանքային աշխատանքը շատ վտանգաւոր ասպարէզ մըն է, բայց ասիկա պատճառ մը չէ, որ հանքերը փակուին, որովհետեւ հանքերու շահագործումը տնտեսական հրամայական մըն է Թուրքիոյ պարագային:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.