ՍԱՆ ՎԵԼԻ, Քալիֆորնիա.- Շաբաթ, Մայիս 3ին, Նորթ Հոլիվուտի շրջանը գտնուող Սան Ֆերնանտօ հովիտի Rescue Mission պատսպարանը հրոյ ճարակ դարձաւ՝ ոչնչացնելով տարածքը, ներառեալ՝ ինքնաշարժներու բաժինը, հագուստեղէնի եւ ուտեստեղէնի շտեմարանները:
Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութիւնը, լսելով ցաւալի այս լուրը՝ անմիջապէս զօրաշարժի ենթարկեց իր շարքերը՝ օգնութեան հասնելու համար պատսպարանին, որ ապաստան եւ ճաշ կը մատուցէ բազմաթիւ տնազուրկներու:
Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի գրասենեակին հետ համադրաբար, ՀՕՄը իմացաւ անմիջական կարիքները պատսպարանին մէջ երդիք գտած տնազուրկներուն, որոնք բարեբախտաբար անվնաս կրցած էին փախչիլ կրակէն: Մինչ պատսպարանի հիւրերը այլ վայր փոխադրուած են, լուրջ աշխատանք կը տարուի անոնց համար հագուստ եւ առողջապահական իրեր ապահովելու: Սիրով կ՛ընդունուին նաեւ դրամական նուիրատուութիւններ:
Քանի մը օրերու ընթացքին, հարկ եղածը ապահովելէ ետք, Չորեքշաբթի, Մայիս 7ին, ՀՕՄի ներկայացուցիչները ներկայացան օգնութիւններ ստանձնող Սան Վելիի կեդրոնը եւ յանձնեցին մանուկներու եւ մեծահասակներու յարմար 14 տոպրակ կամ տուփ հագուստ (շուրջ 350 կտոր) եւ 3 տուփ շորիկ:
Տեղւոյն ՀՕՄի «Մեղրի» մասնաճիւղը եւս, անմիջապէս արձագանգելով Շրջանային վարչութեան օգնութեան կոչին՝ երկու հարիւրէ աւելի առողջապահութեան առնչուող իրեր փոխանցեց կեդրոնին (մազի օճառ, ակռայի դեղ ու վրձին): Նուէրներ յանձնեցին նաեւ մասնաճիւղի ատենապետուհի Մարալ Պենարպաշեան եւ անդամներ Մարի Մատանեան ու Արշօ Կեմիքսիզեան: ՀՕՄի ներկայացուցիչները իրենց նուէրներու յանձնումը կատարեցին օգնութեան կեդրոնի պատասխանատու Լորա Լոփեզին:
ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը կը շարունակէ տնազուրկներու համար անհրաժեշտ իրերու արշաւը իր կեդրոնէն ներս, որ կը գտնուի 517 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202 հասցէին, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ կ.ե. ժամը 5: Նուիրատուութիւնները նաեւ կրնան ուղղակի ղրկուիլ օգնութեան կեդրոն՝ 9007 Lankershim, Sun Valley, CA 91352 հասցէին:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, կարելի է հեռաձայնել ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան (818-500-1343) կամ Rescue Mission-ի (800-417-5678) գրասենեակները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.