
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Յունիս 13ին, երեկոյեան ժամը 7ին տեղի պիտի ունենայ Սոնա Սիմոնեան-Զէյթլեանի՝ «Հայ Կնոջ Ուղիին Հետքերով» գիրքին ներկայացումը, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ (222 East Harvard Street):
Ներկայացումը հայերէնով է եւ մուտքը ազատ: Գրադարանի այցելուները 3 ժամով կրնան իրենց ինքնաշարժները անվճար կանգ-նեցնել գրադարանին դիմացը գտնուող «Market Place» կառավայրին մէջ՝ տոմսերը վաւերացնելով գրադարանի մուտքի սեղանին:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղին եւ Կլենտէյլի հանրային գրադարանին միացեալ ջանքերով:
Սոնա Զէյթլեանի նորագոյն աշխատութիւնը հանդիսացող «Հայ Կնոջ Ուղիին Հետքերով» հատորը կը ներկայացնէ հայ կնոջ դիմագրաւած մարտահրաւէրները մեր պատմութեան զանազան հանգրուաններուն՝ հեթանոսութենէն սկսելով, հասնելով մինչեւ քրիստոնէութեան շրջան, ինչպէս նաեւ՝ բնիկ իշխանական տուներէն՝ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան օրերուն, Պոլսոյ եւ Թիֆլիսի կանանց շարժումներէն, մինչեւ տեղահանութիւն, Ցեղասպանութիւն եւ ազգային վերականգնում, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ Խորհրդային վարչակարգին յաջորդած նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն, սփիւռքահայ կեանքն ու կանանց նոր շարժումի մը համակարգը: Այս համապարփակ աշխատանքին համար օգտագործուած աղբիւրներու ճոխ ցանկին կողքին, կան նաեւ 2 քարտէսներ եւ 22 պատկերներ, որոնցմէ վեցը ընտանեկան հաւաքածոներու կը պատկանի, իսկ երկուքը՝ առաջին անգամ ըլլալով կը հրատարակուի:
Սոնա Սիմոնեան-Զէյթլեան ծնած է Եգիպտոս. վկայուած է տեղւոյն Ամերիկեան համալսարանէն եւ նուիրուած ուսուցչական ասպարէզին, նախ՝ Գահիրէի, իսկ 1962էն ետք՝ Պէյրութի ազգային վարժարաններուն մէջ: Իր առաջին ուսումնասիրութիւնը՝ «Հայ Կնոջ Դերը Հայ Յեղափոխական Շարժման Մէջ»ը, Գէորգ Մելիտինեցիի անուան գրական մրցանակին արժանացած է 1968ին: 1973ին լոյս տեսած է անոր «Մուսա Լերան Ժողովրդական Հեքիաթները», որ իբրեւ բերանացի պատում, հեղինակը անձամբ հաւաքած է Լիբանանի Այնճար գիւղը բնակող մուսատաղցիներէն: 80ական թուականներուն, յաջորդաբար հրատարակուած են հայոց պատմութեան աւանդական հերոսներու կեանքն ու գործը վիպակի ձեւով ներկայացնող անոր չորս հատորները՝ «Արի Արանց» ընդհանուր խորագիրին տակ: Գաղութներու պատմութեան հանդէպ իր հետաքրքրութեան արդիւնքն է վաղ միջնադարեան եւ արդի Եգիպտոսի պատմութեան մէջ հայութեան ներդրումին համապարփակ ուսումնասիրութիւնը՝ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: 2013ին, «Գէորգ Մելիտինեցի» մրցանակին արժանացաւ նաեւ «Հայ Կնոջ Կեանքի Ուղիին Հետքերով» ուսումնասիրութիւնը:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել գրադարանի հայկական բաժանմունքի պատասխանատու Էլիզապէթ Գրիգորեանին՝
egrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէով կամ (818) 548-3288 թիւով: