ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս-Արմէնփրէս».– Արցախի մէջ տեղի ունեցող մուրացանեան օրերու ծիրին մէջ Ստեփանակերտի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի Պօէզիայի եւ գիտական նիստերու դահլիճին մէջ 30 Մայիսին կայացած է «Արդի հայ գրականութեան զարգացման միտումները վերջին տասնամեակներում» նիւթով գիտաժողով:
Գիտաժողովի մասնակիցները քննարկած են հայ ժամանակակից գրականութեան մէջ բանաստեղծութեան եւ արձակի զարգացման միտումներուն առնչուող հարցեր: Զեկուցողները անդրադարձած են նաեւ Արցախի մէջ ստեղծուող գրականութեան առանձնայատկութիւններուն, խօսած են առկայ խնդիրներուն եւ կատարուելիքներուն մասին:
Գիտաժողովին մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի Գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեանը, անուանի գրողներ եւ գրականագէտներ Արցախէն ու Հայաստանէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.