ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Սէօզճիւ» թերթը հրապարակած է Թուրքիոյ ամենակարեւոր քսան տեսարժան վայրերու ցանկը, ուր տեղ գտած են Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ հայկական եկեղեցին, Նեմրութի հայկական հեթանոսական չաստուածներու յուշարձանախումբը եւ Համշէնի բարձրադիր գեղատեսիլ հովիտները։ Ցանկին վրայ են նաեւ Պէյազիտի մէջ 18րդ դարուն հայ վարպետներու կողմէ կառուցուած Իսհաք փաշայի պալատը, նաեւ՝ Մարտին քաղաքը, որուն գլխաւոր ճարտարապետն ու կարեւորագոյն պատմական շինութիւններու ճարտարապետը եղած է հայազգի Սարգիս Լօլէն, Արդուին նահանգի գեղեցիկ բնութեան մէջ Գարակէօլ լիճը եւ Կապադովկիոյ սնկաձեւ բլուրները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.