
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոպէլեան մրցանակակիր թուրք գրող Օրհան Փամուք, Թուրքիոյ մէջ վերջերս արձանագրուած բացասական իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ խստօրէն քննադատած է վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը:
Ֆրանսական «Le Nouvel Observateur» թերթին հետ զրոյցին ընթացքին, Փամուք ըսած է, որ Էրտողան կ՛ուզէ երկիրը իր հակակշիռին տակ պահել, սակայն կորսնցուցած է զայն ղեկավարելու կարողութիւնը եւ այդ պատճառով ալ՝ խուճապի մատնուած:
«Էրտողան վերածուած է վրիժառու առաջնորդի», ըսած է Փամուք, աւելցնելով, թէ հակառակ այս բոլորին, Էրտողան կը պահէ իր հեղինակութիւնը՝ շնորհիւ Թուրքիոյ մէջ արձանագրուող տնտեսական աճին:
Անդրադառնալով Օգոստոսին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն՝ Փամուք հաւանական համարած է, որ թրքական հասարակութեան ստուար հատուած մը պիտի քուէարկէ Էրտողանի ի նպաստ, զայն նախագահ ընտրելու համար: