ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Այսքանը եզրակացնելու համար ըսենք, թէ զրկուիլ բային դիմաց միշտ պէտք է պատկերացնել զոհ կամ տուժող կողմ, որուն իրաւունքը ոտնահարուած է, եւ զրկանք կրած է բառին բովանդակ իմաստով:
Սկիզբէն, իբրեւ ներածական մտածում՝ դնենք ժողովրդային տարածուած առած մը, որ կ՛ըսէ. «Չկա՛յ չարիք, առանց բարիք»: Սա խօսքը գրեթէ ամէն դժբախտութեանց պարագային՝ հասարակաց մտածում իբրեւ, կը թեւածէ մարդոց միտքին մէջ, ո՛չ միայն իբրեւ այրած սրտի մխիթարանք, այլ նաեւ երբեմն՝ իբրեւ հաստատուն համոզում:
Մարդոց ընտանեկան ամէնէն հարազատ միջավայրէն սկսեալ մինչեւ ազգային ու համայնական կեանքի խաչմերուկներուն վրայ պատահող զրկանքները ունին իրենց դրդապատճառները: Որոշ պարագաներու, ենթահողը կը պատրաստուի անձին իսկ կողմէ, սակայն առհասարակ զրկանքները կը պատճառուին ուրիշներէ: Այսպէս, երջանիկ ապրող զոյգի մը կեանքը յանկարծ կը խանգարուի, երբ երրորդ անձ մը ո՛չ միայն իր ծանրաշունչ ներկայութեամբ, այլ մանաւանդ չար խորհուրդներով եւ ուղղակի միջամտութիւններով կասկածի, անվստահութեան ու վերջապէս բաժանման՝ զրկանքի պատճառ կը հանդիսանայ: Սակայն հոս եւս պէտք է փնտռել բարիքը, համաձայն վերոյիշեալ առածին, թէ՝ «չկայ չարիք, առանց բարիք»: Այսքան անհեթեթ թուացող «բարիք»ն ալ ունի անշուշտ իր բացատրութիւնը: Որովհետեւ երրորդ անձին միջամտութեամբ երբեմն ի յայտ կու գան մութ մնացած ճշմարտութիւններ, որոնք պատճառ կը դառնան, որ իր առօրեայ կեանքին մէջ մնայուն կերպով տուժող կողմը գիտակցութեան գայ ու սթափի իր խաբուած ըլլալու քունէն: Ճիշդ է, անիկա այս բաժանումով կը զրկուի իր կազմած ընտանիքէն, սակայն, միւս կողմէ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան տուժողի կարգավիճակ ունենալէն կը փրկուի: Զրկանքը փրկանքի կը վերածուի նման պարագաներու, իսկական օգուտ դառնալով զրկեալ կողմին, որ այսուհետեւ ո՛չ թէ զրկեալ կողմը կը դառնայ, այլ՝ շահաւոր, երբ իր կեանքը լաւագոյնս ապրելու, ինքնավարութեամբ իր օրերը տնօրինելու ազատութիւնը կը վերագտնէ:
Մանուկներու դաստիարակութիւնը միշտ հիմք պէտք է նկատենք ընկերային կեանքի ամրութեան: Անկասկած պէտք է ընդունինք, թէ մանուկը ապագայ մարդն է, այսինքն՝ մարդկային ընկերութիւնը կազմող տարրը: Ուրեմն, մանուկներու դաստիարակութեան տրուած կարեւորութիւնը պէտք է անհրաժեշտութիւն իբրեւ ներկայացուի նաեւ ոչ կրթական հիմնարկութիւններու կողմէ, կարելի չափով նպաստելու համար մանուկներու կրթութեամբ զբաղող կառոյցներուն: Այդ կառոյցները միայն ընդունուած ուսումնարանները չե՛ն, մանկամսուրէն մինչեւ բարձրագոյն ուսման օճախներ:
Հիմնական կառոյցը տունն է, ուր կը ծնի մանուկը ու աչքերը բանալուն պէս կը տեսնէ իր առաջին ուսուցիչները՝ իր հայրն ու մայրը:
Կրթութիւն ու դաստիարակութիւն տեսած թէ ոչ, բոլոր ծնողներն ալ իրենց հասկցած չափով կը դաստիարակեն իրենց զաւակները: Վա՜յ տգէտ ծնողքէ ծնած երեխային… Յիսուսի մտածողութեան մէջ կայ վախճանաբնական իմաստով ըսուած խօսք մը. «Այդ մարդուն վերջը իր նախկին վիճակէն աւելի գէշ կ՛ըլլայ» (Մտ. 12.45): Փոխաբերական իմաստով եթէ ուզենք այս խօսքը պատշաճեցնել անմիտ ծնողներու կեանքին, պիտի ըսենք, թէ իր զաւակներու ճամբով իր «անմահութիւն»ը ապահովող ծնողը եթէ ճշգրիտ դաստիարակութիւնը չտայ անոնց, իր վերջը շատ աւելի գէշ պիտի ըլլայ, քան իր նախկին վիճակը: Այսինքն՝ իր վատ դաստիարակութեան հետեւանքները պիտի կրէ անկասկած, երբ իր զաւակները մեծնան ու աւելի՛ վատ վերաբերում ցոյց տան իրեն, քան այն վատ դաստիարակութիւնը, զոր ինք տուած էր իրենց…
Մանուկներուն տրուած վատ դաստիարակութիւնը ժողովրդային լեզուով «շփացնել» կը թարգմանուի: «Մի՛ շփացէք», «թող չի՛ շփանան», «շփացնելուն վերջը գէշ է» եւ նման խրատականներ միշտ կը լսուին փորձառու մարդկանց շրթներէն: Սակայն, մանուկներու տրուած վատ դաստիարակութիւնը միայն շփացնելու սովորական կամ պարզ «սխալ»ով չի՛ կատարուիր, այլ անոնց դեռ լոյծ ուղեղին մէջ չարութիւն սերմանելու անմարդկային ու անխիղճ մօտեցումով, որուն համար կրկնապատիկ պատիժ պիտի կրեն տգէտ ծնողներ:
Մանուկները շա՜տ բաներ կը պահանջեն: Եթէ ազատ թողուին՝ կրնան ամբողջ աշխարհը պահանջել իրենց ծնողներէն: Այդ պահանջներէն բացի, նաեւ անոնք «մասնագիտութիւն»ը ունին ընդօրինակելու ծնողներուն խօսքերն ու գործերը, արարքներն ու կեցուածքները: Իմաստուն ծնողէն կը պահանջուի կարեւոր պահերու եւ յարմար առիթներով զրկել իր երեխան, նոյնիսկ անոր ամէնէն շատ սիրած բաներէն, պարզապէս դաստիարակելու համար ապագայի հաշւոյն:
Զրկանքը փրկանք պիտի ըլլայ մանուկին համար, երբ սորվի գիտնալ իր սահմանները: Իսկ կորսուելու պարագային, անիկա ոչ միայն ինք իր անձը պիտի կորսնցնէ, այլ իր հետ նաեւ իր ծնողները ու շրջապատին մէջ գտնուողները, առհասարակ: Գողութիւն ընելու, հայհոյելու, անարգական այլ վերաբերում ցուցաբերելու իր սխալ արարքներուն համար զրկանք չկրող ու չպատժուող մանուկը, ապագային ո՛չ միայն իր ծնողքին գրպանէն, այլ ուրիշներէ դրամ գողնալու ունակութիւնը ձեռք կը ձգէ, հայհոյելու վարժութիւնը սովորական կ՛ընդունի, եւ ի զարմանք ամէնեցուն, փոքր տարիքէն կը սկսի անարգել նոյնիսկ իր հայրը:
Զրկէ՛ որպէսզի փրկես: Ահա դաստիարակութեան կանոններէն մէկը, որ թէեւ պարզ կը թուայ, սակայն դժուար կիրառելի է, մանաւանդ, տգէտ ծնողներու կողմէ, որոնք մէկ կողմէ զգացական նրբագոյն զգայարանները ունենալ կը դաւանին, միւս կողմէ վատ դաստիարակութիւնը ձեռքէ չեն հաներ, իմաստուն ուղիի մէջ ըլլալ խորհելով:
Վախցի՛ր տգէտ «իմաստուն»էն եւ խրատէ՛ անմիտ ծնողները: