ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի շինարարութեան նախարար Ուրի Արիէլ նուազուրդներ հրապարակած է՝ բռնագրաւեալ Արեւելեան Երուսաղէմի եւ Արեւմտեան Ափի մէջ հրէական բնակավայրերուն մէջ նոր շէնքեր կառուցելու համար, հակառակ նման շինարարական աշխատանքներու միջազգային դատապարտումին: Պիտի կառուցուին մօտաւորապէս 1500 նոր շէնքեր, եւ անոնց կառուցումը կը նկատուի Իսրայէլի իշխանութիւններուն պատասխանը՝ պաղեստինեան ազգային համաձայնութեան կառավարութեան կազմութեան: Կառավարութիւնը բաղկացած է անկուսակցական մասնագէտներէ, սակայն գոյացած է «Համաս» շարժումին հետ համաձայնութեամբ:
Իսրայէլ «ահաբեկչական կազմակերպութիւն» կը նկատէ «Համաս»ը: Առանց բառերը ծամծելու, իսրայէլացի նախարարը ըսած է, որ ծրագիրը «սիոնական պատասխանն է ահաբեկչական կառավարութեան ստեղծման»:
Թերթը կը գրէ, որ Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն վրայ շինարարութեան իրականացումը հարուած մը պիտի հասցնէ պաղեստինեան տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու ջանքերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.