
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանին մէջ, Չորեքշաբթի, Մայիս 21ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ հայ բանաստեղծութեան ընտիր գործերու նուիրուած ընտանեկան ջերմ երեկոյ մը՝ «Պտոյտ մը հայ քնարերգութեան մէջ» խորագիրով:
10րդ դասարանի յառաջադէմ բաժանմունքի 15 աշակերտներ 19-20րդ դարու քնարերգութեան երկամեայ սերտողութիւնը պսակեցին իրենց ծնողներուն նուիրուած արտասանութիւններու երեկոյով մը: Յայտագիրը ունէր դաշնակի ու կիթառի դասական կտորներու՝ Շոփենէն, Մանսուրեանէն եւ Պեթովենէն, առանձինն կամ արտասանութիւններու ընկերակցութեամբ կատարուող բաժիններ, ինչպէս նաեւ հայկական արդիական պարի մէկ ներկայացում:
Յիշեցնենք, թէ նուագներու եւ պարի ձեւաւորման ու բեմադրութեան բոլոր աշխատանքները կատարուած էին նոյն խումբի տաղանդաւոր աշակերտուհիներուն կողմէ:
Յայտագիրին մէջ ամէն աշակերտ արտասանեց իր ընտրած մէկ բանաստեղծութիւնը: Ուստի, երեկոյին ներկայացուեցան Տէրեանի, Մեծարենցի, Չարենցի, Թէքէեանի ու Վարուժանի ստեղծագործութիւնները: Յայտագիրը ընդգրկեց նաեւ Լ. Շանթի «Հին Աստուածներ» պատմական թատերախաղէն վանահօր եւ իշխանուհիին տեսարանը: Իսկ միջնադարեան հայ աշխարհիկ տաղաչափութեան նուիրուած բաժինով՝ աշակերտները ներկայացուցին Ն. Քուչակի «Հայրեն»ներէն հինգ հատը: Անոնք ընտրած էին այն քառեակները, ուր կար սիրոյ համարձակ ու միեւնոյն ժամանակ՝ ազնիւ արտայայտութիւն:
Յայտագիրը վերջ գտաւ Վ. Տէրեանի «Մի՛ Խառնէք Մեզ» բանաստեղծութեան խմբային արտասանութեամբ:
ՆՈՃԻՆԵՐԷՆ ՆԵՐՇՆՉՈՒՄ
Ուրբաթ, Մայիս 23ին, 10րդ դասարանի յառաջադէմ բաժանմունքի 15 աշակերտներ փոքրիկ «ուխտագնացութիւն» մը կատարեցին ու իրենց յարգանքի տուրքը մատուցին բանաստեղծ Տիրան Չրաքեանին: Անոնք, դպրոցէն միայն 100 քայլ հեռու գտնուող Չրաքեանի բնակարանին առջեւ բարձրացած հինգ նոճիներու շուքին տակ արտասանեցին բանաստեղծին «Նոճիներէն Ներշնչում» բանաստեղծութիւնը: Աշակերտները նաեւ տեղւոյն վրայ կարծիքներու փոխանակում ունեցան հայ քերթողութեան մէջ խորհրդանշաններու գործածութեան մասին: