
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ հիւրընկալուած Մերձաւոր Արեւելքի, Սուրիոյ, Ռուսիոյ, Եւրոպայի տարբեր երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու քրիստոնէական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին՝ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ: Հայ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ աշխարհի տարբեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին վրայ դիմաւորուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեանի կողմէ, որ հոգեւորականներուն ներկայացուց յուշահամալիրին ստեղծման պատմութիւնը:
Հիւրերը ծաղիկ զետեղեցին անմար կրակին շուրջ եւ վայրկեան մը լռութեամբ յարգեցին անմեղ զոհերուն յիշատակը:
Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալբանդեանի եւ Դերենիկ աբեղայ Սահակեանի կողմէ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն հայերուն եւ այլ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն: