
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Յունիս ենք, եւ ուսումնական շրջանի տարեվերջ է: Այս օրերուն, հայ կամ օտար, գրեթէ բոլոր վարժարանները արդէն սկսած են փակելու իրենց դռները: Ամառնային արձակուրդ: Հարիւր հազարաւոր աշակերտներ, շուրջ տասը ամիսներու դպրոցական աշխատանքէ ետք, հանգիստի շրջան մը պիտի բոլորեն:
Իրենց արդար իրաւունքն է: Աշակերտն ալ կարիքը ունի հանգիստի եւ կազդուրման՝ ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս: Ու այս մէկուն իբրեւ հարազատ արդիւնք, դպրոցը կամ կրթական հաստատութիւնը պիտի փոխարինուի ծնողքով, տունով:
Հոս կարելի է կրկնութեան գնով յիշել դպրոցին եւ մանաւանդ հայ դպրոցին անսահման դերակատարութիւնը հայ նոր սերունդին հայու ոգի ներշնչելու եւ անոր հայապահպանման եւ հայակերտման աշխատանքներուն նպաստելու ճիգին մէջ: Ուստի, տունն ալ ձեւով մը պարտի շարունակելու վարժարանի այս գեղեցիկ առաքելութիւնը:
Միւս կողմէ սակայն, պէտք է լաւ գիտնալ, որ արձակուրդը անիմաստ կեանքի մը շրջանը չէ եւ ոչ ալ այդպէս պէտք է նկատուի: Արձակուրդը նպատակ ունի մարմնական հանգիստն ու ձեւով մըն ալ՝ միտքի եւ ֆիզիքական ուժերու ամբարման, որպէսզի վերամուտին աշակերտը առաւել կազդուրուած վերսկսի իր ուսումնական նոր շրջանը:
Բնականաբար, այդ իսկ պատճառով, ծնողներուն ուսերուն վրայ կ՛իյնան իրենց զաւակներուն առաւել մօտէն հետեւելու եւ հսկելու ծանր, սակայն գեղեցիկ պարտականութիւնները:
Ճիշդ է որ անոնց գործի, աշխատանքի կամ կեանքի այլ պայմաններու բերումով աշակերտներէն շատեր իրենց առօրեան պիտի անցընեն հոգատարներուն կամ իրենց մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն խնամքին ու հսկողութեան տակ, սակայն ինչ որ ալ ըլլան ստեղծուած կացութիւնները, նախապայման կը նկատուի այս արձակուրդէն լաւագոյն եւ առաւելագոյն չափով օգտուիլ որդեգրելու ձեւը:
Աշակերտական, նոյնիսկ ուսանողական տարիներուն, մեր կարգին մենք ալ անհամբեր կը սպասէինք այս օրերուն: Իսկ դպրոցի վերջին օրն իսկ արդէն կը սկսէինք մեր խաղերուն:
Այսպէս ամէն օր, թաղին մէջ, դասընկերներով կամ թաղի ընկերներով գնդակով կամ ուրիշ խաղերով զբաղուիլ եւ ժամանակ վատնել: Ապա, կէսօրէն ետք կամ երեկոյեան մեզի արտօնուած ժամով քաղաքի մեր ակումբը երթալ, հոն ալ ժամանակ անցընել, փինկ փոնկ խաղալ կամ «Քրիստափոր» գրադարանէն ներս սփիւռքեան հին ու նոր մեր մամուլի էջերը թղթատել, կարդալ, մեր ուսուցիչներուն թելադրած գիրքերը վարձել կամ ալ անմեղօրէն իրարու հետ զրուցել քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլի կամ ուրիշ խաղի մը մրցումին արդիւնքի մասին ու նոյնիսկ ականջ դնել մեծերու խօսակցութեան, անոնց նարտի խաղցած պահուն:
Ինչ հաճելի եւ իսկապէս անմեղ օրեր էին: Կ՛արժէ հազար անգամ «երնէկ» ըսել:
Գալով մեր նորերուն, հարցը բոլորովին տարբեր է: Կը կարծեմ որ լրջօրէն մտածուած, ծրագրուած եւ կազմակերպուած արձակուրդ մը մեծապէս կրնայ նպաստել իրենց ապագային: Որովհետեւ դատարկութեամբ լեցուն արձակուրդ օրերը պատճառ կը դառնան, որ աշակերտը վերամուտին իր նոր դասերուն հետ քայլ պահելու համար շատ ժամանակ վատնէ:
Ահա ծնողքին պարտականութիւն-պարտաւորւթիւնը այս բոլորին մէջ. անոնք իրենց զաւակներուն պարտաւոր են որոշ եւ յստակ ուղղութիւն տալու, որպէսզի զաւակն ալ օգտուի իրեն ընձեռուած առիթէն:
Կը կարծեմ որ արձակուրդը օգտակար դարձնելու համար առաջին հերթին էական են արժէքաւոր գործերը կարդալը եւ «մեթոտիկ» ընթերցանութիւնը: Որովհետեւ դպրոցի շրջանին, դասերուն բերմամբ, այս մէկուն ժամանակի յատկացումը իսկապէս պակաս է:
Ընթերցանութիւն: Ընթերցելու վարժութիւն: Գիրքի հանդէպ սէր եւ հոգատարութիւն: Նոյնքան ալ գրականութեան նկատմամբ: Որովհետեւ ղեկավարուած ընթերցանութեամբ մարդուս միտքը աւելի կը զարգանայ: Խօսքս անարժէք, հասարակ նիւթերու, վէպերու կամ պարզ հաճոյքի համար ընթերցանութեան մասին չէ, այլ ճիշդ հակառակը: Աշակերտը պէտք է կարդայ իր տարիքին համապատասխան գիրքերն ու նիւթերը:
Կարդալ եւ ապա կարդացածը «մարսել»: Մէկ խօսքով, վերլուծումներ կատարել, որուն միջոցով աշակերտին կամ ընթերցողին դատելու կարողութիւնը կը զարգանայ, որ զինք կը դարձնէ աւելի տրամաբանող եւ գաղափարներու հարազատութեան տէր անձ մը:
Ընթերցանութեան կողքին, կարելիութեան սահմաններուն մէջ պէտք է ըլլան պտոյտն ու շրջապտոյտը, ինչպէս նաեւ տան մէջ հայկական երգն ու երաժշտութիւն ունկնդրելն ալ կենսական է:
Մէկ խօսքով, իւրաքանչիւր ծնողք, իբրեւ մեծ պատասխանատու, երբ աւելի մօտէն հետեւի իր զաւակին շարժումներուն, անոր վատնած ժամանակին, ընթերցած նիւթերուն, անոր ընկերներուն, հեռաձայներուն եւ «ֆէյսպուքեան» զրուցակիցներուն ու ելեկտրոնիկ խաղալիքներուն եւ խաղերուն, արդէն անուղղակի կերպով զինք հեռու պահած կ՛ըլլայ օտարամոլ եւ այլասերումի հազարաւոր ախտերէն:
Ծնողքին կ՛իյնայ նաեւ պահպանել մեր արժէքները: Այլ խօսքով, ձեւով մը շարունակել երկրորդ տան՝ հայ վարժարանին տարած աշխատանքը, տունէն ներս:
Դպրոցէն ետք՝ միութիւն, թերթ, ընտանիք:
Այսպէս մենք մեծցանք, տարիներ առաջ: Գիտեմ, որ առարկութիւններ պիտի ծագին: Սակայն անկարելի բաներ չեն ասոնք: Բաւական է նստիլ, մտածել, վիճիլ ու եզրակացնել:
Որովհետեւ դպրոց-ծնողք-աշակերտ հաստատ կապի ծնունդ են: Ճիգ եւ միջավայր ստեղծելու աշխատանքը նպաստաւոր է իւրաքանչիւրիս համար՝ մեծ կամ փոքր, ծնողք կամ զաւակ: Անծրագիր, մասնակի եւ անբաւարար աշխատանքը մեզի տեղ մը չի հասցներ:
Մենք լաւապէս կը գիտակցինք մեր ծնողներուն հաւատքին եւ զոհաբերութեան ոգիին: Վերջին հաշուով անոնք են, որոնք իրենց ժառանգները պիտի առաջնորդեն դէպի փայլուն ապագայ, պատիւ բերելով ոչ միայն իրենց, այլ նաեւ մեր ազգին: Ուստի, նման մտածումներով զինուած, բարի արձակուրդ մեր բոլոր աշակերտներուն: