
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան 17 Յունիսին ընդունած է Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանը:
Գիւմրիի քաղաքապետարանի հաղորդագրութեան համաձայն՝ հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակցած է նաեւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արման Սահակեանը, Բալասանեան յոյս յայտնած է, որ Սինանեանի այցելութիւնը խթան կը հանդիսանայ երկու քաղաքներուն միջեւ յարաբերութիւններու խորացման։
Կլենտէյլի քաղաքապետը նշած է, որ ուրախ է Հայաստանի հիւսիսային մայրաքաղաքը գտնուելուն համար, յատկապէս նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ ինք մեծ կարեւորութիւն կու տայ Գիւմրի քաղաքի դերակատարութեան ու նշանակութեան՝ Հայաստանի կեանքին մէջ: Ըստ Զարեհ Սինանեանի՝ Գիւմրիի եւ Կլենտէյլի միջեւ համագործակցութեան սերտացումը իրատեսական է:
Սամուէլ Բալասանեան Գիւմրին եւ Կլենտէյլը քոյր քաղաքներ հռչակելու վերաբերեալ թղթածրար ներկայացուցած է պաշտօնակիցին՝ ուսումնասիրելու եւ առաջարկներ ներկայացնելու համար: Այնուհետեւ Զարեհ Սինանեան պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն։