ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթար յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահները կը համաձայնին հանդիպիլ Ֆրանսայի մէջ: Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան՝ Մորնինկսթար ըսած է. «Յոյս ունինք, որ մօտիկ ապագային Փարիզի մէջ կը կայանայ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը: Միացեալ Նահանգներ կը կարծէ, որ նախագահները փարիզեան հանդիպման ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցով պէտք է յստակ համաձայնութեան գան։
Դեսպանը նշած է սակայն, որ այդ հանդիպման թուականը տակաւին չէ որոշուած:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.