
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Կարծեմ լաւ պիտի ըլլար, եթէ բոլոր գաղութը իմանար, թէ Ապրիլին Լոս Անճելըս կը գտնaուէր «Բագին»ի խմբագիր Յակոբ Պալեանը, որովհետեւ ան իր հետ բերած էր աւելի քան յիսուն տարիքը ունեցող Սփիւռքի գրական հանդէս «Բագին»ն ու արեւմտահայ մեր լեզուին սպառնացող ալիքներու ուժգնութիւնն ու անոնց՝ այս առթիւ իր հնչեցուցած ահազանգը:
Յակոբ Պալեանը եկաւ, եւ այս մէկը առիթ ընծայեց, որ մեր գաղութի ներկայ դիմագիծը իր սովորական ընթացքէն ձեւով մը փոխուէր, շեղէր, որ մինչ այդ դուրսէն դիտողին համար ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ երգիչներու համերգներով յագեցած շաբաթավերջերու շարան:
Իբրեւ մշակութասէր, կը կարծեմ, որ ինծի նման ուրիշներ ալ վայելեցին գրական երեկոներու անակնկալ այս շարքը ու յարգելի հիւր, խմբագիր Պալեանի ներկայութիւնը, որոնց այնքան կարօտը ունէր մեր գաղութը:
Բայց ի՞նչ է այս «Բագին»ը, ուրկէ՞ կու գայ, ո՞ւր ծնած է: Թերեւս դրացի՝ «հարեւանիս» նման շատեր ալ կրնան հարց տալ յանկարծ:
Պէտք է ըսել, ու այս մէկը գաղտնիք մը չէ, թէ իր ծնունդի օրէն, «Բագին» գրական ամսագիրը, որ ներկայիս եռամսեայ դարձած է, ունեցած է իր տեսիլքը ու անկէ մեկնած, նախաձեռնած է մշակոյթի ծառայութեան դաշտին իր լուրջ աշխատանքը:
Իր շնորհիւ է, որ անցնող 52 տարիներուն ընթացքին սփիւռքահայ միտքը իր հայութիւնը փնտռեց, ազգային իր իրականութիւնը որոնեց եւ մնաց հաղորդակից հայ եւ օտար գրականութեան եւ գրողներուն:
«Բագին» տէրը դառնալով իր կոչումին, նաեւ դարձաւ հայ գիրի քարոզիչն ու յատկապէս արեւմտահայ մեր լեզուին ոչ միայն արթուն պահակը, այլեւ անոր լեզուամտածողութեան եւ բառապաշարի զարգացման ինքնատիպ դպրոցը, որմէ կ՛օգտուի իւրաքանչիւր ընթերցասէր հայ:
Այսպէս, մեր լեզուի զտումով ու մաքրագործումով անիկա արդէն մեծ դեր կը խաղայ գիտակից Սփիւռք մը կերտելու աշխատանքին, անոր ճշգրիտ ինքնութեան եւ դրական մտածելակերպին:
Ասկէ մեկնած կը հաւատամ, որ իւրաքանչիւր մտաւորական կամ հայ գիրին ծառայող գրիչ անպայման իր կենսունակութիւնն ու մտածողի բոլոր կարելիութիւնները պիտի ուզէ խառնել «Բագին»ի հաւատքին եւ յատկանպէս անոր սփիւռքահայ միտքի աշխատանքներուն, որպէսզի արագընթաց այս աշխարհին մէջ, ուր օրերը սկսած են վայրկեանով հաշուելու, մեր մշակոյթը համընթաց պահէ աշխարհի գրական հեւքին՝ ինքնավստահ, վերանորոգուած, միշտ երիտասարդ մտածողութեամբ, հայօրէն արդիականացած եւ համարձակ:
Բոլորս ալ ականատես ենք եւ իրազեկ, թէ որչափ խորն է մեր դժբախտութիւնը: Մենք տառապած ժողովուրդ ենք: Ինչպէս կ՛ըսեն, նման ենք ջուրին, բնութեան: Ու մեր ճակատագիրը մեր պատմութիւնն է եղած: Այս օրերուն մեր ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւններն ու տագնապները նոր չեն: Այս բոլորը՝ միջազգային ըլլալով հանդերձ, ազգային ալ են, եթէ կ՛ուզէք:
Տագնապներ ըսի, թերեւս մեծագոյն մտահոգութիւն ալ պէտք էր աւելցնէի՝ հայ ինքնութեան պահպանումը:
Անոր համար էր, որ 1962ին, Պէյրութի մէջ լոյս աշխարհ կու գար իր տեսակին մէջ եզակի, հայ գրականութեան, արուեստի եւ իմացական միտքի հորիզոններուն բացուած, այլեւ իր կարգին նոր հորիզոններ նուաճելու նախանձախնդրութեամբ տոգորուած «Բագին» անունով ամսագիր մը, վարիչ խմբագիր ունենալով Կարօ Սասունին, իսկ անոր կողքին՝ մտաւորականներ Եդուարդ Պոյաճեանն ու Պօղոս Սնապեանը եւ գրական հրապարակի վրայ անուն շահած հանրայայտ խումբ մը գրագէտներ, ինչպէս՝ Յարութիւն Գեղարդ, Տիգրան Ոսկունի, Բաբգէն Փափազեան, Վահէ Օշական եւ շատ ուրիշներ:
Իր աւելի քան կէսդարեայ կեանքին ընթացքին, «Բագին» իր ընթերցողները ապրեցուց համամարդկային արժեչափերով՝ հայրենի եւ Սփիւռքի հայ ընթերցողը մասնակից դարձնելով նաեւ մարդկութեան ստեղծագործ աւիւնին, համաշխարհային հռչակի տիրացած մեծերու կեանքին, գրականութեան, արուեստին ու յայտնութիւններուն:
Ցաւօք, այսօր քիչեր կը կարդան հայերէն թերթ, պարբերաթերթ եւ վստահաբար, շատ աւելի քիչեր իրենց կեանքին մէջ կը փնտռեն գրական մամուլ կամ կը բաժանորդագրուին «Բագին»ին:
Այսօր, աւելի քան երբեք, առաւել ջերմութիւն եւ զոհողութեան ոգի պէտք է ցոյց տալ՝ նպաստելու համար հայ գիրին, հայ թերթին, հայ մամուլին, հայ արուեստին ու հայ հրատարակութեան հաւատացող սերունդներու ներգրաւման գործին:
Այլ խօսքով յարգանքի, գուրգուրանքի ու մեր սիրոյն կողքին անսակարկ զօրակցութիւն է պէտք, հայ գիրի պաշտպանեալներուն եւ զայն տարածողներուն, որպէսզի քաջալեր հանդիսանանք հայ միտքի ստեղծագործ ճիգին՝ առաւել պայծառացման ու տարածման մեր մէջ:
Ու այս մէկը շեշտաւորուած իրականութիւն է:
Եթէ այսքանը «Բագին»ի մասին էր, հապա անոր խմբագիր Յակոբ Պալեանը: Չեմ կարծեր այս բաժինը աժան գովաբանութեան ծիրէն ներս կարելի է դասել: Վերջին հաշուով պէտք է քաջութիւնն ու ողջամտութիւնը ունենալ՝ լաւը գնահատելու եւ ծուռը մատնանշելու: Այս բոլորը կ՛ըսեմ առանց վիրաւորելու մեր հիւր խմբագիր Յակոբ Պալեանի համեստութիւնը: Նաեւ աւելցնեմ, որ հաճելի խօսակից, խոհակից եւ խորհրդակից մըն է «Բագին»ի մեր խմբագիրը, որուն աշակերտած եմ տասնամեակներ առաջ:
Ու նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլամ, եթէ յիշեմ, որ հայ հրապարագրութիւնը ունեցած է մեծատաղանդ դէմքեր, որոնց դերերը թէ՛ պատմական եւ թէ նշանակալից եղած են: Ներկայիս այդ դէմքերէն եւ հաստատօրէն հեղինակներէն մէկն է մեր հիւր Պալեանը, որ ամէն առիթով ահազանգեց, թէ մենք կը գտնուինք մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն ճակատագրական հանգրուանի սեմին, միաժամանակ զգաստութեան հրաւիրելով մեզ բոլորս:
Իսկապէս որ բազմացած են մեր գոյութեան սպառնացող վտանգները: Ու մենք մեզի յաճախ հարց կու տանք, թէ ո՞վ է նման հարցերով զբաղողն ու մտահոգուողը: Ո՞վ է ազգային մեր ցաւերն ու մեր խոցելի կէտերը մատնանշողը, մեր արարքները գնահատողն ու քննադատողը, եթէ ոչ հայ մտաւորականը եւ յատկապէս հայ մամուլն ու անոր խմբագիրներն ու մեր բոլոր հրապարակագիրները:
Յակոբ Պալեան հաստատապէս կը պատկանի հրապարագիրներու այս հոյլին, որ իր նորարարութեամբ երեւոյթ մը ստեղծած է մեր գրական հրապարակին վրայ, մտայղացումի եւ մատուցումի իր իւրայատուկ պիտակով: Ան միշտ հաւատարիմ եղած է ճշմարտութեան եւ գիտակից՝ մարդկային տառապանքին եւ մանաւանդ՝ հայ մարդուն ճակատագրուած ներկայ տառապանքին:
Մտածող միտք մը ըլլալով հանդերձ, Պալեան լաւ դիտող մըն ալ է, որ ունի իր անձնական հաստատ համոզումն ու տեսակէտը, զորս կ՛արտայայտէ իւրայատուկ ձեւով, դատելու ճշգրիտ առաքելութեամբ, սովորական եւ ընթացիկ եզրակացութենէն վեր եւ անշահախնդիր մօտեցումով եւ համարձակ ակնոցով:
Ան մեր մամուլէն ներս իր ստորագրութիւնը կրող սիւնակներով, մեր տկարացող հոգիներն ու միտքերը կը լուսաւորէ, անշուշտ, եթէ ուզենք լուսաւորուիլ:
Իր գրիչէն միշտ կը հոսի ճկուն եւ անխարդախ հայերէնը, նախանձելի պաշտամունքով: Մեծագոյն ցանկութիւնս է, որ բոլորս ալ, մեծով ու պզտիկով, պատասխանատու աթոռներու վրայ բազմած կամ համեստօրէն ազգին ծառայող անհատ՝ միշտ կառչած մնանք մայրենիին, կարենալ տոկալու եւ տեւելու համար:
Ահա իր անձագիրը: Անոր համար պատասխանատու կեցուածք է պէտք, որովհետեւ չենք ուզեր եղածն ալ կորսնցնել: Անձնական եւ հաւաքական զոհաբերութիւն: Տէր կանգնիլ արեւմտահայ մեր ժառանգութեան: Այս բոլորը անոր համար, որովհետեւ մեր լեզուն երաժշտութիւն է եւ հոգի է եւ դարերէ ի վեր ձուլումէ եւ կորուստէ փրկած է մեզ:
Ճիշդ է, որ մեզ շատ հարցեր կը տանջեն: Ըստ խմբագիր Պալեանի՝ բոլորը հրապարակով հնչեցնելը անհրաժեշտ պայման պէտք է նկատենք: Ազգովին ամէն տեղ այս երկրագունդի վրայ վտանգաւոր պահեր կ՛ապրինք: Չենք կրնար բոլորս ալ պարզ հանդիսատեսներ մնալ:
Մեր լեզուն նաեւ աղաւաղուած է: Լեզուական սխալներ կան ամէն առիթով եւ ամէն տեղ: Տակաւին շատեր՝ խօսք առնողներ կամ հանդիսավարներ, չեն գիտեր նախադասութիւն մը կազմելու տարրական կանոնները: Նոյնիսկ կը շփոթեն բային ժամանակային ձեւերը, եզակիի եւ յոգնակիի համաձայնութիւնները, կը գործածեն սխալաշատ մայրենին, շատ գործածուած եւ մեծ ու «խաշած» բառերով:
Այս ամէնը պատասխանատուութեան զգացումի պակասէն կու գայ: Սորվիլը երբեք ուշ չէ:
Ուստի, էական է հայկական մթնոլորտի ստեղծումն ու պահպանումը: Մեծ ու անսահման է հայ ընտանիքի եւ հայ դպրոցի դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը այս բոլորին մէջ: Ահա մեծ վտանգը թէ՛ ազգին եւ թէ լեզուին: Համահայկական ճիգ է պէտք, մանաւա՛նդ գիտակցիլ հայութեան գոյատեւման հիմնաքարին՝ մայրենի լեզուին, որովհետեւ երբ սերունդը զրկուի իր մայրենիէն, կը կորսնցնէ նաեւ իր ազգային մտածողութիւնն ալ:
Մեծագոյն պատասխանատուն ծնողքն է: Այս բոլորը կը կարօտին ազգային, տեղական, հաւաքական եւ ընտանեկան կամքի եւ առաջնորդութեան: Իւրաքանչիւրս յանձնառու պէտք է ըլլանք:
Ահա խմբագիր Պալեանի մեր գաղութին յանձնած մտահոգութիւններէն ու մատնանշումներէն շարք մը օրինակներ:
Ուստի, իբրեւ խիղճի պարտք, անպայման կ՛ուզեմ ըսել, որ աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ յարգելի խմբագիրին ներկայութենէն օգտուող եւ գրական երեկոներ կազմակերպող մշակութային միութիւնը առաւել կազմակերպուած, կոճկուած եւ ոչ հապճեպ ձեւով զինք մեր գաղութին մշակութասէր հանրութեան ներկայացնէր:
Սակայն, հակառակ այս հապճեպին, մենք խմբագիր Յակոբ Պալեանը վայելեցինք ու նաեւ ջերմացանք «Բագին»ով: Այս բոլորին հետ նաեւ ջերմապէս ծափահարեցինք տոքթ. Պապեանի եւ Սեդայի մշակութասէր ոգիէն բխող ճիգերը, որոնց շնորհիւ իրականութիւն դարձան վերը յիշուած գրական երեկոները: