ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ա-ռողջապահութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ 23 Յունիսին տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ սուրիահայ բժիշկներու պարգեւատրման հանդիսութիւն։ Բժիշկներու օրուան առթիւ առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեան հրապարակած է հետեւեալ հրամանագիրը. «Մասնագիտական բարձր պրոֆէսիոնալիզմի եւ սահմանային վիճակում գտնուող հիւանդի կեանքը փրկելու համար Թալինի բժշկական կենտրոնի բժիշկ-սրտաբան Պօղոս Աղոյեանը, առողջապահութեան համակարգում նուիրուած աշխատանքի համար՝ Ալաւերդու բժշկական կենտրոնի բժիշկ Գրիգոր Ալոզեանը, Սպիտակի բժշկական կենտրոնի բժիշկ Վարանդ Կիրակոսեանը, Ստեփանաւանի բժշկական կենտրոնի բժիշկ Աւետիս Մալաքեանը, «Նայիրի» բժշկական կենտրոնի բժիշկ Ճորճ Բարսեղեանը, Ծաղկահովիտի բժշկական կենտրոնի բժիշկ Բիւզանդ Քահկեջեանը պարգեւատրուել են առողջապահութեան նախարարութեան պատուոգրերով»:
Շնորհաւորելով բժիշկները՝ հան-դիսութեան մասնակից սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատած է սուրիահայ բժիշկներու մասնագիտական գործունէութիւնը՝ նուիրումի, գթասրտութեան եւ պատասխանատուութեան բացառիկ դրսեւորումներու, հայրենիքին հանդէպ ջերմ սիրոյ համար: Ան յատուկ կերպով անդրադարձած է այն հանգամանքին, որ պարգեւատրուող սուրիահայ բժիշկները, հիմնականին մէջ Հալէպէն եւ Դամասկոսէն, հաստատուած են Հայաստանի մարզերուն մէջ ու իրենց մասնագիտական գիտելիքներով, պատրաստուածութեամբ ու անսահման ուշադրութեամբ առողջութիւն կը պարգեւեն մարզերու բնակիչներուն:
Իր հերթին, շնորհաւորելով բժ-իշկները՝ առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեան նշած է, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը եւս իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կ՛աջակցի սուրիահայ բժիշկներուն՝ Հայաստանի մէջ մասնագիտական կարողութիւնները դրսեւորելու համար: Ան յայտնած է, որ պարգեւատրուող սուրիահայ բժիշկներէն մէկը առողջապահութեան նախարարութեան միջոցներով ներկայիս կը մասնակցի արտերկրի մէջ կայացող վերապատրաստման դասընթացքներուն:
Սփիւռքի եւ առողջապահութեան նախարարները հաստատած են, որ պետական աջակցութեամբ եւ միացեալ ջանքերով պիտի փորձեն կարգաւորել սուրիահայերուն, մասնաւորաբար բժիշկներուն խնդիրները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.