
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– 24 Յունիսին երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ կը գտնուի Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեանը, արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեանը, գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեանը, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեանը, պաշտօնատար այլ անձեր: Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ պատուիրակութիւնը դիմաւորուած է Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեանի, փոխվարչապետին եւ կառավարութեան այլ անդամներու կողմէ:
Վարչապետ Աբրահամեան՝ արցախցի պաշտօնակիցին եւ պաշտօնատար այլ անձերու ընկերակցութեամբ այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ զետեղած է Հայրենական մեծ պատերազմի եւ Արցախեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին առջեւ:
Անկէ ետք վարչապետները ունեցած են առանձնազրոյց, որուն ընթացքին քննարկուած են համագործակցութեան զարգացման ու ընդլայնման առնչուող հարցեր ու ծրագիրներ: Այնուհետեւ քննարկումները շարունակուած են Հայաստանի եւ Արցախի կառավարութիւններու անդամներուն մասնակցութեամբ՝ ընդլայնուած կազմով հանդիպման ընթացքին:
Ողջունելով Հայաստանի վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութեան Արցախ այցելութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Ա. Յարութիւնեան նշած է, որ միասնաբար լուծելի հարցերը բազմաթիւ են, օրինական խնդիրներ ու հեռանկարային հարցեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրին նկատմամբ պիտի ճշդուին յստակ մօտեցումներ: Երկու կառավարութիւններուն միջեւ գոյութիւն չունի որեւէ խնդիր, զոր կարելի չըլլայ լուծել միացեալ ուժերով՝ ընդհանուր ազգային տեսլականի շրջագիծին մէջ, հաստատած է ան:
Վարչապետ Յարութիւնեան էական ու հրատապ նկատած է Արցախի տնտեսական համարկման խորացումը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ՝ նշելով, որ տարածաշրջանին մէջ ներկայ ռազմաքաղաքական կացութիւնը այդ մէկը կը թելադրէ եւ ատիկա կը բխի մեր ընդհանուր անվտանգութեան շահերէն:
Իր կարգին, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնած է արցախցի գործընկերներուն՝ ջերմ ընդունելութեան համար եւ հաստատած, որ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ասկէ ետք եւս ջանքեր ի գործ պիտի դրուին Արցախի տնտեսութեան զարգացման ուղղութեամբ: Անոր համաձայն՝ բոլոր ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ առարկայական ու նպատակային:
Հայկական երկու հանրապետութիւններու գերատեսչութիւններու ղեկավարները, ըստ ճիւղային ոլորտներուն, ներկայացուցած են համագործակցութեան ծիրին մէջ կատարուած աշխատանքները, անդրադարձած են իրագործման հանգրուանին մէջ եղող ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ կնքուած համաձայնութիւններուն՝ համագործակցութեան ծիրը ընդլայնելու նպատակով։
Դրական նկատելով տարբեր ոլորտներու մէջ փոխգործակցութիւնը՝ վարչապետները պատասխանատուներուն յանձնարարած են հետամուտ ըլլալ արծարծուած խնդիրներու լուծման, մասնաւորապէս աշխատել Վարդենիս-Սոթք-Հաթերք երկրորդ օդային գիծի գործարկման եւ հակակարկտային կայաններու համակարգը աւելի արդիւնաւէտօրէն օգտագործելու ուղղութեամբ:
Անկէ ետք վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան այցելած է մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ գործող շարք մը ձեռնարկութիւններ:
Պատուիրակութեան անդամները շրջագայած են «Մետաքս» եւ «Արցախ ֆրուտ» գործարաններուն մէջ, ծանօթացած արտադրական կարելիութիւններուն, զրուցած աշխատակիցներուն հետ, հետաքրքրուած անոնց աշխատանքային պայմաններով եւ զանոնք յուզող խնդիրներով:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Յովիկ Աբրահամեան բարձր գնահատած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւններուն համագործակցութիւնը՝ նշելով. «Այսօրուայ քննարկումների արդիւնքում պարզուեց, որ կան մեծ ձեռքբերումներ, եւ նախարարութիւններն աշխատում են համահունչ, ինչի համար շատ ուրախ եմ: Համոզուած եմ, որ դա կը տայ իր դրական արդիւնքն ու կը նպաստի ե՛ւ Արցախի, ե՛ւ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացմանը»:
Հայաստանի վարչապետը ողջունելի նկատած է Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան մօտեցումը՝ իւրաքանչիւր ներդրողի համար ստեղծելու կարելիութիւն եւ տրամադրելու արտօնութիւններ, ինչ որ պիտի նպաստէ աշխատատեղերու ստեղծման եւ ընկերային խնդիրներու լուծման: «Ինչ վերաբերում է թեթեւ արդիւնաբերութեանը, ապա փորձենք վերականգնել այս ոլորտը Արցախում եւ Հայաստանում. պէտք է գնալ արտօնութիւնների տրամադրման ճանապարհով, որպէսզի մարդկանց հնարաւորութիւն ընձեռնուի ներդրումներ անել Արցախում՝ հաշուի առնելով նաեւ ռիսկը: Արդէն 300 աշխատատեղ կայ, եւ Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետը նշեց, որ աշխատատեղերի թիւը հասնելու է 700ի: Նման քայլերը պէտք է շարունակական բնոյթ կրեն: Անհրաժեշտութեան դէպքում կը լինի նաեւ Հայաստանի կառավարութեան աջակցութիւնը, որպէսզի Արցախի տնտեսութիւնը զարգանայ», եզրափակած է վարչապետ Աբրահամեան։