
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Երեւանի բոլոր փողոցներուն մէջ իւրաքանչիւր կողմի վրայ մէկական հատուած պիտի յատկացուի հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն: 24 Յունիսին Երեւանի աւագանին միաձայնութեամբ համաձայն գտնուած է համապատասխան որոշում-նախագիծին։
Ըստ նախագիծին՝ «հաշ-մանդամութիւն ունեցող բոլոր անձիք ազատւում են աւտոկայանատեղերի տեղական տուրքի վճարումից եւ նրանց փոխարէն տուրքը վճարելու է Երեւանի քաղաքապետարանը»:
Նշուած նախագիծի մշակման մասնակցած է Երեւանի աւագանիի ՀՀԿ խմբակցութեան անդամ Գրիգոր Մինասեանը: Ան առաջարկած է բոլոր կառատուներուն մէջ նախատեսել առանձին հատուածներ հաշմանդամներուն համար՝ տուեալ վայրերուն մէջ արգիլելով այլ ինքնաշարժներու կանգնեցումը:
«Բացի այդ, այն մարդիկ, ովքեր տեղափոխելու են հաշմանդամութիւն ունեցող անձին, նոյնպէս կ՛ազատուեն պետական տուրքից», դիտել տուած է Գրիգոր Մինասեան:
Երեւանի աւագանիի նիստին Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան յայտարարած է, որ հարցը մտահոգիչ եղած է հասարակական կազմակերպութիւններուն ու հաշմանդամութիւն ունեցող քաղաքացիներուն համար, որոնք դիմած են քաղաքապետարան։
«Իրավիճակը ուսումնասիրել են Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակիցները, նաեւ հարցումներ են կատարուել եւ հիմնականում երեւանցիների պահանջը եղել է հաշմանդամների մասով անվճար կայանատեղիների հետ կապուած: Հաշուի են առնուել իրաւական յանձնաժողովի կողմից ներկայացուած բոլոր առաջարկութիւնները, պարոն Մինասեանի եւ Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան կողմից ներկայացուած բոլոր առաջարկութիւնները», յայտնած է Տարօն Մարգարեան:
Աւագանիի տուած որոշումով, որ նպատակ ունի թեթեւցնել հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն հոգը, յատուկ տարածքներ պիտի առանձնացուին Երեւանի բոլոր հրապարակներուն ու փողոցներուն մէջ: «Փարքինգ Սիթիսերվիս» ընկերութիւնը իր կարգին համաձայն եղած է սկսիլ փողոցներու կահաւորման աշխատանքներուն:
Բացի ատկէ, պիտի տեղադրուին յատուկ ճամբու նշաններ, որոնք պիտի զգուշացնեն, թէ կայանը յատուկ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն համար է։