ԵՐԵՒԱՆ.– Լոյս տեսած է սփիւռքահայ գրող Մովսէս Պչաքճեանի «Երկերի Լիակատար Ժողովածու»ի 4րդ հատորը: Գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ այսօր տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկին ներկայ գրողներն ու գրականագէտները կարեւոր նկատած են Մովսէս Պչաքճեանի ստեղծագործութիւնները՝ խոստովանելով, որ գիրքը իւրայատուկ դեր ունի արդի սփիւռքահայ գրականութեան մէջ:
Երկերու լիակատար ժողովածուին մէջ տեղ գրաւած են տարբեր տարիներու թատերգութիւններ եւ բանաստեղծութիւններ:
Գիրքը տպագրուած է Ռալֆ Եիրիկեանի հովանաւորութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.