ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Այս տարի առաջին հանգրուանով Երեւանի պետական համալսարան դիմած է 3601 շրջանաւարտ՝ նախորդ տարուան հետ բաղդատելով 370 հոգի նուազ։ Նախորդ տարուան հետ բաղդատած այս տարի աւելցած է տեղեկագիտական եւ կիրառական ուսողութեան, շողագործօն բնագիտութեան, աստուածաբանութեան եւ իրաւագիտութեան կաճառներուն մէջ ուսանելու դիմումներուն թիւը:
ԵՊՀ գիտական խորհուրդի 26 Յունիսին կայացած ուսումնական ամփոփիչ նիստին այս տեղեկութիւնները փոխանցած է ԵՊՀ ուսումնական աշխատանքներու գծով փոխնախագահ Ալեքսանդր Գրիգորեանը։ Ան այս մասին խօսած է՝ ներկայացնելով 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանին ընդունելութեան գործընթացը:
Նշուած է նաեւ, որ դիմորդներուն թիւը նուազած է յատկապէս բնագիտութեան, կենսաբանութեան, աշխարհագրութեան եւ երկրաբանութեան, միջազգային յարաբերութիւններու, փիլիսոփայութեան եւ հոգեբանութեան, ինչպէս նաեւ հայ բանասիրութեան կաճառներուն մէջ:
«Մտահոգիչ մի հանգամանք էլ կայ: Բակալաւրիատի՝ բարձր առաջադիմութիւն ունեցող շրջանաւարտներից 1409ն առանց քննութիւնների մագիստրատուրայում անվճար սովորելու հնարաւորութիւն ունէր, որից, սակայն, օգտուել է ընդամէնը 714ը», նշած է Գրիգորեան եւ աւելցուցած, որ փաստաթուղթերու ընդունման 2րդ հանգրուանը սկսած է 26 Յունիսին:
Անոր համաձայն՝ «բացի այդ, գիտխորհրդի որոշմամբ՝ Մաթեմատիկայի եւ մեխանիկայի ֆակուլտետում կատարուել են կառուցուածքային որոշ փոփոխութիւններ: Ակտուարական եւ ֆինանսական մաթեմատիկայի ամբիոնի հիմքի վրայ այսուհետ կը գործեն երկու տարբեր ամբիոններ՝ ակտուարական մաթեմատիկայի եւ ռիսկերի կառավարման ու Ֆինանսական մաթեմատիկայի: Ընթացիկ հարցերի շարքում քննարկուել եւ որոշուել է քիմիայի ֆակուլտետը վերանուանել դեղագիտութեան եւ քիմիայի ֆակուլտետ: Ըստ այդմ՝ կը ներդրուի նոր՝ «Դեղագործութիւն» մասնագիտութիւնը՝ 4 մասնագիտացումներով»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.