
ԵՐԵՒԱՆ.– 26 Յունիսին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան «Պօղոս Նուբար» մետալով պարգեւատրեց վերապատուելի Պերճ Ճամպազեանը։
Ան ծնած է Երուսաղէմ, Զուիցերիոյ մէջ աւարտած է Պիթենպըրկ դպրոցի առաքելութիւններու եւ աստուածաբանութեան բաժինը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական դպրոցը: 1981ին ստանձնած է Հոլիվուտի մէջ Միացեալ հայկական ժողովական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովուի պաշտօնը եւ որոշ ժամանակ անց դարձած է աւագ հովիւ Միացեալ հայկական ժողովական եկեղեցւոյ մէջ, որուն ծառայած է շուրջ տասը տարի: 1984ին Ճամպազեան յառաջացուցած է հոգեւոր մշակութային հեռուստաժամ հայ համայնքին համար: Ան մեծ ուշադրութիւն դարձուցած է համայնքի աշխատանքներուն։ Հանդիսացած է «Glendale Memorial Hospital»ի տնօրէններու խորհուրդի, ինչպէս նաեւ Երիտասարդական քրիստոնէական մի-ութեան տնօրէններու խորհուրդի անդամ: 2006էն Սուրբ Երրորդութիւն Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադիր հովիւն է: Հայրենիքին հետ կապերը սկսած են 1988 թուականին, երբ վերապատուելի Ճամպազեան մարդասիրական օժանդակութեան նախաձեռնած է Սպիտակի երկրաշարժէն տուժածներուն համար:
Բարձր գնահատելով Պերճ Ճամպազեանի ներդրումը հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման եւ զարգացման ծիրին մէջ՝ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնաւորապէս նշեց. «Որպէս մարդ եւ քաղաքացի Պերճ Ճամպազեանը մեծ ներդրում ունի հայապահպանութեան գործում. իր որակով, իր տեսակով, իր արժեհամակարգով կարողանում է շրջապատին ոգեւորել, հաւատ ներշնչել հայի, հայութեան եւ Հայաստանի նկատմամբ: Վերապատուելին, աւետարանական եկեղեցու հովիւ լինելով, մեծարում է Հայ առաքելական եկեղեցուն եւ մեծ գործընկերն է Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնի»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր պարգեւին համար՝ վեր. Ճամպազեան խոստովանեցաւ, որ պարգեւը անակնկալ էր. «Ես չէի կրնար ակնկալել նման բարձր պարգեւ, քանի որ հայրենիքի նկատմամբ իմ ծառայութիւնս եղած է բացառապէս որպէս ծառայ: Շատ ուրախ եմ, որ այս ոսկի առիթը տրուեցաւ ինծի: Որպէս Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ՝ մնայուն կերպով իմ նուիրումս, զօրակցութիւնս ցուցաբերած եմ հայրենիքին եւ մայր եկեղեցւոյ նկատմամբ: Հայրենասիրութիւնը պէտք է ունենայ նկարագիր՝ հոգեւոր եւ բարոյական: Առանց նկարագիրի, անիկա կը վնասէ հայրենիքին», յայտնած է վերապատուելին: