ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լոյս տեսած է Մաշտոցի անուան մատենադարանի հայերէն ձեռագիրներու Մայր ցանկի ութերորդ հատորը՝ մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ, Ձեռագրագիտութեան եւ Մայր ցուցակի բաժինի վարիչ Գէորգ Տէր Վարդանեանի խմբագրութեամբ:
Մատենադարանի հայերէն ձեռագիրներու մայր ցուցակի Ը. հատորին մէջ նկարագրուած ձեռագիրներու քանակը կրկին 300 է՝ թիւ 2401-2700, որ Ձեռագրագիտութեան եւ Մայր ցուցակի բաժինի հին եւ նոր բազմաթիւ աշխատակիցներու մնայուն աշխատանքի եւ ջանքերու արդիւնքն է:
Տպագրուածէն բացի, բաժինը պատրաստած է նաեւ 5000 ձեռագիրի նկարագրութիւններ, որոնք մշակուելէ ետք իւրաքանչիւր տարի պիտի ներկայանան մէկ հատորի մէջ: Գիրքը լոյս տեսած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի աջակցութեամբ:
Ութերորդ հատորը կը սկսի «Գէորգեան» հաւաքածոյի կամ «Նոր Ժողովածու»ի ձեռագիրներու ներկայացմամբ, իսկ հաւաքածոյի կազմութեան հիմնական կռուանը Գէորգ Դ. կաթողիկոսի ջանքերն են, որոնց շնորհիւ հաւանական կորուստէ փրկուելով՝ Էջմիածինի մատենադարանին մէջ ամփոփուած եւ հայագիտութեան ի սպաս դրուած են հիմնականին մէջ Մայր աթոռի որոշ միաբաններու պատկանած արժէքաւոր բազմաթիւ ձեռագիրներ։
«Գէորգեան» հաւաքածոն, որոշ բացառութիւններով, բաղկացած է գիտական առաջնակարգ արժէք ունեցող ձեռագիրներէ: Յիշատակման արժանի առաջին արժէքաւոր ձեռագրախումբը, որ Գէորգ Դ. կաթողիկոսի տեւական եւ յամառ ջանքերուն շնորհիւ 1869ին ստացած է մատենադարանը, Տայքի եւ Տփխիսի առաջնորդ Կարապետ արք. Բագրատունիի (մահացած է 1856ին, Ախալցխա) ընտիր հաւաքածոն է՝ այսօր Մաշտոցեան մատենադարանին մէջ պահպանուող մեծ մասամբ եզակի արժէք ունեցող 93 ձեռագիր: Յատկանշական է, որ այս մատեաններուն զգալի մասը Կարապետ արքեպսկոպոսը, երբեմն՝ վերադարձնելու խոստումով, հաւաքած է Մուշի, Բաղէշի, Կարնոյ եւ յարակից շրջաններու վանքերէն ու եկեղեցիներէն, բայց յետոյ Կարնոյ գաղթի ժամանակ հետը տարած է Ախալցխա:
Այս հատորով կը սկսի միջնադարագիտական մեծ կարեւորութիւն ունեցող այդ ձեռագիրներու արժէքներու եւ արժանիքներու ամբողջական բացայայտումը, որով կ՛ապահովուի անոնց առաւել լայն գիտական գործածութիւնը: Այս ցանկերուն մէջ կան նաեւ գիտական կարեւորութիւն ունեցող հսկայական տեղեկութիւններ, որոնց շնորհիւ մեծ թիւով ուսումնասիրողներ կրնան այլեւս ձեռագիրներու չդիմել, որովհետեւ անոնց ունեցած պատմագիտական կարեւոր տեղեկութիւնները արդէն այս նկարագրութիւններուն մէջ վերարտադրուած են. գիտական այս մանրամասն նկարագրութիւնները ձեռագիրներուն երկրորդ կեանք կու տայ կամ անոնց միջնորդութեամբ իրենց կեանքը կ՛երկարի:
Գիրքը Գէորգ Տէր Վարդանեանի խմբագրութեամբ հրատարակուող ցուցակի արդէն երրորդ հատորն է, որ պատրաստուած է բարեխղճօրէն եւ ամէն բառի նկատմամբ պատասխանատու վերաբերումով: Երեք հատորները միասին կը պարունակեն 900 ձեռագիրի նկարագրութիւն, իսկ ներկայիս կը կատարուին իններորդ հատորի խմբագրութեան աշխատանքները։ Այստեղ եւս կան 300 նկարագրութիւններ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.