ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի եւ Ազգային ժողովի ոչ իշխանական չորս ուժերի միջեւ համագործակցութիւն չկայ», յայտնած է նախկին նախագահ Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Վիկտոր Սողոմոնեանը՝ պատասխանելով «Նիուզ»ի այն հարցումին, որ արդեօք Քոչարեան-քառեակ համագործակցութիւն կարելի՞ է, թէ ոչ:
«Նախագահ Քոչարեանի պարբերական անդրադարձները մեր իրականութեան առաւել ցաւոտ խնդիրներին հասկանալի պատճառներով կարող էր քառեակի հետ կազմակերպուած համագործակցութեան տպաւորութիւն ստեղծել: Թերեւս, դա է պատճառը, որ այս թեման մամուլի եւ փորձագիտական հանրոյթի շրջանում բուռն քննարկման առարկայ դարձաւ: Այնուամենայնիւ, մեր եւ քառեակի միջեւ համագործակցութիւն չկայ, եթէ այդպիսին չհամարենք քննադատական վերաբերմունքը իշխանութեան կողմից վարուող քաղաքականութեանը տարբեր ուղղութիւններով: Հնարաւո՞ր է արդեօք համագործակցութիւնը ընդդիմութեան հետ ինչ որ ձեւաչափով ապագայում, ասել չեմ կարող, որովհետեւ չգիտեմ», ըսած է ան:
Նշենք, որ 24 Յունիսին «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Ստեփան Մարգարեան նկատել տուած էր, որ կրնայ ըլլալ քառեակն ու Քոչարեան համագործակցին: Այս յայտարարութենէն ետք բազմաթիւ փորձագէտներ եւ քաղաքական վերլուծաբաններ համոզմունք յայտնեցին այն մասին, որ համագործակցութիւնը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.