
ԵՐԵՒԱՆ, «akhaltskha.net».– Թուրքիոյ պատուիրակութիւն մը այցելած է Սամցխէ-Ջաւախք: Արտահանի ղեկավարութեան ներկայացուցիչները Ախալցխաի իրենց այցելութիւնը սկսած են Սամցխէ-Ջաւախքի շրջանային ղեկավարութենէն: Երկու երկիրներու եւ հարեւան շրջաններու ղեկավարներուն միջեւ կայացած է պաշտօնական հանդիպում: Թուրքերը հետաքրքրուած են շրջանին մէջ առկայ ընկերային-տնտեսական իրավիճակով, բնական պաշարներով եւ զբօսաշրջութեան զարգացման կարելիութիւններով:
Այցելութիւնը շարունակուած է Ջաւախքի պետական համալսարանին մէջ, ուր թուրքերը տեղւոյն աշխատակազմին հետ այցելած են թրքերէնի լսարանները եւ զրուցած ուսանողներուն հետ:
Օրուան երկրորդ կիսուն Ախալցխա այցելած է թրքական 60 հոգինոց այլ պատուիրակութիւն մը: Անոնց եւ տեղւոյն գործարարներուն համար համալսարանի համագումարի սրահին մէջ կայացած է առեւտուրի ֆորում:
Արտահանի, Փոսոփիի եւ Պուրսայի ղեկավարները այցելած են Ռապաթի պատմական համալիր: Անոնց պաշտօնական այցելութիւնը Սամցխէ-Ջաւախքի մէջ աւարտած է Պորճոմիի մէջ, ուր այցելած են հանքային ջուրի գործարանը:
«Akhaltskha.net»ը կը գրէ, որ հոս հարկ է նշել, որ՝ ի տարբերութիւն հայաստանեան դրացի շրջաններու պատուիրակութիւններուն եւ գործարարներուն, Թուրքիոյ պաշտօնեաները լաւապէս կը գիտակցին Սամցխէ-Ջաւախքի մէջ իրենց առեւտուրի զարգացման ու ամրապնդման ազգային ռազմավարութեան, ինչ որ ցաւօք կարելի չէ ըսել հայերուն մասին:
Կայքը կը նշէ, որ քանի մը տարի առաջ անուշադրութեան պատճառով Ախալցխայի պետական համալսարանին մէջ գործող միակ հայագիտութեան սրահը փակուեցաւ։ Հաւանաբար այդ է պատճառը, որ Հայաստանի մօտակայ շրջաններու պատուիրակութիւնները չեն այցելեր Սամցխէ-Ջաւախքի քաղաքամայր Ախալցխա եւ հանդիպում չեն ունենար համալսարանի ուսանողներուն հետ, որոնց հիմնական մասը հայեր են: Ալ ինչ խօսք առեւտուրի զարգացման մասին: