ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուր-քիա բուռն կերպով քննադատեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին որդեգրած այն բանաձեւը, որով կոչ կ՛ըլլայ Անգարային՝ Թուրքիոյ եւ բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի մէջ քրիստոնեաներէն գրաւուած եկեղեցական կալուածները վերադարձնելու:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց. «Մինչ իր քաղաքացիներուն իրաւունքներն ու ազատութիւնները բարելաւելու համար Թուրքիոյ որդեգրած յստակ ու շօշափելի քայլերը, ներառեալ՝ ոչ իսլամ փոքրամասնութեանց համար, ակներեւ է, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ հակաթուրք շրջանակներու կողմէ՝ ներքին քաղաքական նկատառումներէ մղուած այսպիսի ոչ կառուցողական եւ անհիմն նախաձեռնութիւններ յառաջ մղելու փորձերը անընդունելի են»:
Հաղորդագրութիւնը «Թուրքիոյ համար անվաւեր» կը նկատէ սոյն բանաձեւը եւ կը շեշտէ, որ այսպիսի նախաձեռնութիւններ անյարիր են երկու աւանդական դաշնակիցներուն միջեւ առկայ գործընկերութեան եւ դաշինքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.