
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շաբաթ, Յունիս 21ին, Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետի գրասենեակը գնահատանքի ու պատիւի արժանացուց Ազգային առաջնորդարանի բանտային սպասարկութեան պատասխանատու Րաֆֆի սրկ. Կարապետեանը, բանտարկեալներուն իր մատուցած կամաւոր սպասարկութեանց համար։
Ոստիկանապետի գրասենեակը կազմակերպած էր «Կամաւորներու գնահատման տարեկան հաւաք», որ տեղի ունեցաւ՝ հինգերորդ տարին ըլլալով։ Րաֆֆի սարկաւագ, ի շարս այլ կամաւոր ծառայողներու, որոնք կրօնական եւ ընկերային ծրագիրներու ճամբով օգտակար կ՛ըլլան բանտարկեալներուն, արժանացաւ յատուկ գնահատագիրի մը։