Հոկտեմբեր 2013ին, Պրիւքսէլի մէջ Եւրոխորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած եւրոպահայութեան երրորդ համագումարէն ետք, որուն ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Եւրոխորհրդարանի ամպիոնէն ողջոյնի իր խօսքը ուղղեց, այս տարի՝ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հոկտեմբեր 2014ը կը յայտարարէ «Արցախի ամիս», Պելճիքայի, Հոլանտայի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ Արցախի ներկայացուցչութեանց հետ գործակցելով, իրականացնելու համար տարբեր ձեռնարկներ եւ ցուցադրութիւններ:
Հայաստանէն, Արցախէն եւ այլ վայրերէ արուեստագէտներու, մտաւորականներու ներկայութեամբ, ամբողջ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան գիրքի ներկայացումներ, նկարչական եւ այլ ստեղծագործական ցուցադրութիւներ, ֆիլմերու ներկայացումներ: Ղարաբաղեան զինադադարի քսանամեակին առիթով, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը շրջանային յանձնախումբերուն հետ, միջազգային հանրութեան եւ քաղաքական շրջանակներուն ուշադրութեան կ՛ուզէ յանձնել, որ Արցախի Հանրապետութիւնը այսօր կայացած ու ստեղծագործող պետութիւն մըն է, որուն հետ պարտին հաշուի նստիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումներ առաջարկող կողմերը:
Յուլիսի վերջը, համապատասխան մամլոյ հաղորդագրութեամբ հասարակութիւնը տեղեակ պիտի պահենք ծրագիրի մանրամասնութեանց մասին:
ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Պրիւքսէլ
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.