Մեծ չէ Ֆրանսական հանրապետութեան ցանկը շքանշաններու, որոնք կը շնորհուին ռազմական եւ քաղաքացիական (գիտական, մշակութային) ոլորտներու մէջ նշանակալից աւանդ ունեցած անձնաւորութեանց: Պատուոյ Լեգէոն ազգային շքանշանը (Ordre national de la Legion d՛honneur) հաստատուած է 1802 Մայիս 19ին, Նափոլէոն Պոնափարթի կողմէ. անիկա կը յանձնուի պետութեան եւ ազգին զգալի ծառայութիւններ մատուցանած անձերու:
Անցեալ Հինգշաբթի, Յունիս 19ն կարեւոր եւ ուրախ օր մըն էր Անահիտ Տօնապետեանին, իր գործակիցներուն, բարեկամներուն, ընկերներուն եւ աշակերտներուն համար: Երեկոյեան բոլորը հաւաքուած էին Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութեանց ազգային հիմնարկի (INALCO) կեդրոնական շէնքին շրջափակը (2, rue de Lille), ներկայ գտնուելու հանդիսաւոր արարողութեան եւ շնորհաւորելու փրոֆեսէօր Տօնապետեանը՝ պետութեան պատուաբեր գնահատանքին արժանանալուն համար:
Հնդեւրոպաբան եւ հայագէտ-լեզուաբան, հիմնարկի անդամ Շարլ տը Լամպերթըրիի կողմէ տիկին Տօնապետեան-Տեմոփուլոսին Պատուոյ Լեգէոն շքանշանի հանդիսաւոր յանձնումէն առաջ, խօսք առին անոր գործակիցներէն մի քանին: Անոնցմէ էին Արեւելեան լեզուներու հիմնարկի նախագահուհին՝ Մանիւէլ Ֆրանք եւ Լեզուաբանական հետազօտութեանց միաւորման տնօրէնուհի Իզապէլ Լեկլիզ՝ ներկայիս ղեկավարները այն հաստատութեանց, ուր տեղի ունեցած է Ա. Տօնապետեանի մասնագիտական յառաջընթացը: Երկուքն ալ, յատկապէս Մ. Ֆրանք, մանրամասնօրէն ներկայացուցին Անահիտ Տօնապետեան-Տեմոփուլոսի գիտական եւ մանկավարժական գործունէութիւնը: Մ. Ֆրանք մասնաւորաբար նշեց Տօնապետեանի վիթխարի աշխատասիրութիւնը, դժուարին իրավիճակներու մէջ լուծումներ գտնելու կարողութիւնը եւ մարդամօտութիւնը: Անթուան Մէյէի, Ժորժ Տիւմեզիլի, Ֆրետերիք-Արման Ֆէյտիի, Ժան-Փիեռ Մահէի նման այնքա՜ն նշանաւոր գիտնականներէ ետք ստանձնելով ղեկավարութիւնը INALCO-ի Հայագիտական բաժինին՝ Տօնապետեան կրցաւ զայն վերածել Հայաստանէն դուրս ամէնէն լիակատար եւ ամբողջական հայագիտական կրթութիւն ապահովող համալսարանական ամպիոնին: Իզապէլ Լեկլիզ, իր կարգին, ընդգծեց, որ ինք յաջորդած է եւ ներկայիս կը ղեկավարէ Ա. Տօնապետեանի ժամանակին տնօրինած հետազօտական միջ-գիտակարգային միաւորումը, որ ձեւաւորուած եւ առաջին քայլերը առած է անոր օրօք (այժմ՝ «Լեզուներու կառուցուածք եւ ուժականութիւն»):
Յուզական, անմիջական եւ անկեղծ էր շքանշանակիրին խօսքը: Անահիտ, ինչպէս զինք մտերմաբար կը կոչեն գործընկերները եւ աշակերտները, իր երախտիքի բառերը ուղղեց, նախ եւ առաջ՝ իր ընտանիքին եւ ծնողներուն, որոնք ներկայ էին արարողութեան: 20րդ դարասկզիբին Խարբերդի շրջանէն մազապուրծ եղած իր ընտանիքը մշտապէս թիկունք եւ ազդակ հանդիսացած է իր գործունէութեան: Մեծ Եղեռնէն վերապրած ընտանիքին միակ անդամը՝ Տօնապետ Տօնապետեանը, կռուած է ֆրանսական Արեւելեան լեգէոնի շարքերուն մէջ եւ մասնակցած Կիլիկիոյ մարտերուն: «Այժմ, այս պարտաւորող շքանշանը, որ կը շնորհուի ինծի, ես կը համարեմ յարգումը եւ պատուումը իմ մեծ հայր Տօնապետ Տօնապետեանի անմար յիշատակին. իսկական լեգէոնական, սակայն առանց Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետ կոչումին…»՝
Ներկաները մինչեւ ուշ իրիկուն շարունակեցին իրենց մտերմիկ զրոյցները գինիի եւ հիւթի գաւաթներով:
«Նոր Յառաջ»