Աղօքթը ինչպիսի տեղ մը ունի ձեր կեանքին մէջ: Ամէն օր գոնէ անգամ մը կ՛աղօթէ՞ք: Կամ՝ օրը քանի մը անգամ կ՛աղօթէ՞ք: Թէ ոչ, քանի մը օրը անգամ մը կ՛աղօթէք: Թերեւս ալ աղօթելու սովորութիւն չունիք:
Երբ դպրոցական էինք, ամէն օր խմբովին ու հանդիսաւոր կերպով կ՛աղօթէինք դասարանին կամ ճաշասրահին մէջ, դասի կամ ճաշի սկսելէ առաջ: Օրուան աղօթքը բնականօրէն շատ կարեւոր կը նկատուէր մեր վարդապետներուն եւ ուսուցիչներուն կողմէ: Առանց աղօթելու՝ պատառ մը հաց չէինք կրնար դնել մեր բերնին մէջ: Այդ թուականէն ասդին մտքիս մէջ կարծես նոյնացած են օրուան հացն ու օրուան աղօթքը: Բայց հիմա ամէն օր կ՛աղօթե՞մ: Հիմա ալ ունի՞մ արդեօք իմ «օրուան աղօթք»ս: Կամ իմ իւրաքանչիւր օրս ունի՞ իր աղօթքը, ինչպէս իւրաքանչիւր օրս ունի ուրախութիւն մը կամ տխրութիւն մը, ունի իր սկզբնակէտն ու վերջնակէտը, ունի օրուան իր ժամերն ու օրուան իր ճաշերը եւ այլն:
Եթէ «աղօթել» ըսելով՝ պիտի հասկնանք մեկուսանալ, ծունկի գալ, երկու ձեռքերը միացնել եւ դէպի երկինք նայելով մեր անգիր սորված պատճէններէն մէկը մրմնջել, ո՛չ, ես ամէն օր չեմ աղօթեր: Աղօթելու այս ձեւը ինծի համար չէ: Ես եկեղեցիին մէջ իսկ չեմ կրնար ծունկի գալ ու շատերուն ըրածին պէս, երկու թեւերս դէպի քով բանալով, թախանձագին աղօթել: Ո՛չ: Բայց սա չի նշանակեր, որ ես չեմ աղօթեր: Իրականութեան մէջ ես ամէն օր կ՛աղօթեմ, որովհետեւ ես ամէն օր կը խօսիմ Աստուծոյ հետ: Եւ ինծի համար Աստուծոյ հետ խօսիլ՝ արդէն կը նշանակէ աղօթել:
Ինչպէ՞ս կրնանք լման օր մը անցընել առանց պարբերաբար զգալու Աստուծոյ հետ խօսելու պահանջ մը: Մենք մեր կարծածէն ալ աւելի յաճախ կը խօսինք Աստուծոյ հետ: Եւ շատ անգամ թերեւս չենք անդրադառնար, թէ որքան յաճախ կը խօսինք Աստուծոյ հետ, որովհետեւ չենք գիտեր, թէ միտքէն ինքնիրեն խօսիլն անգամ իրականութեան մէջ յաճախ կը նոյնանայ Աստուծոյ խօսք ուղղելու հետ:
Մեղանչած ու հայհոյա՞ծ կ՛ըլլանք արդեօք, եթէ ըսենք, թէ մեր միտքէն մեր անձին հետ խօսիլը երբեմն կը նոյնանայ Աստուծոյ հետ խօսելու հետ: Մենք զմեզ աստուածացուցա՞ծ կ՛ըլլանք, եթէ ըսենք, որ ինքնիրեն խօսիլը Աստուծոյ հետ խօսիլ կը նշանակէ: Ո՛չ: Չվարանինք ընդունելու, որ Աստուած միայն երկինքին ետին չէ, միայն ամպերուն ետին ու աներեւակայելի բարձրութիւններու վրայ չէ, Աստուած նաեւ մեր մէջն է, ուստի մեր խղճմտանքի ներաշխարհը, կամ մեր ներաշխարհի խղճմտանքը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ Աստուծոյ ներկայութիւնը: Այսպէս է, որ մարդը իր խղճմտանքին եւ իր բարոյական մտածումներուն խորութիւններուն մէջ կը նոյնանայ Աստուծոյ հետ եւ իր իսկ մէջ կը կրէ իր Աստուածը:
Բաւական երկար ժամանակէ ի վեր ամէն առտու, երբ աչքերս կը բանամ անկողնիս մէջ եւ կը տեսնեմ օրուան առաջին լոյսերը, անպայման կը մտածեմ. «Փա՜ռք Աստուծոյ, այսօր ալ կրցանք արթննալ եւ աշխարհը իր տեղը գտնել»: Ասիկա միայն մտածում մը չէ, որ այդ պահուն կ՛անցնի միտքէս, ասիկա նաեւ խօսիլ մըն է իմ ներաշխարհիս մէջ բնակող Աստուծոյ հետ: Եւ ասիկա աղօթել մը չէ՞ արդեօք, Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնել մը չէ՞:
Նոյնպէս, կ՛երեւի տարիքի բերումով, միջոցէ մը ի վեր սովորութիւն դարձուցած եմ ամէն գիշեր, անկողին մտնելէ առաջ մտածել. «Փա՛ռք Աստուծոյ, այսօր ալ օրը իրիկուն ըրինք»: Ասիկա ալ աղօթել մը չէ՞: Ասիկա ալ զրոյց մը չէ մեր ներաշխարհին մէջ բնակող Աստուծոյ հետ, Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնել մը չէ՞:
Եթէ գիտե՞ս, թէ դժուար օր մը պիտի անցընես ու եթէ այդ առտու տունէդ դուրս ելլելու ընթացքին անգամ մը կը խաչակնքես առանց բառ մը արտասանելու, առանց Աստուծոյ անունը տալու, ատիկա ալ աղօթել մը չէ՞ արդեօք: Երբ սիրասուն մանուկ մը կը համբուրես ուրախութեամբ եւ կ՛ըսես. «Աստուած քեզ չար աչքերէ պահէ, աղուոր զաւակս», դուն աղօթած չե՞ս ըլլար արդեօք, Աստուծոյ խնդրանք մը, մաղթանք մը ներկայացուցած չե՞ս ըլլար:
Աղօթքը մարդուս սիրտը կը թեթեւցնէ, աղօթքը մեզի մտածել կու տայ, թէ մենք վերը, կամ հեռաւոր լինելութեան մը մէջ գերհզօր պաշտպան մը ունինք, ունինք մեզ սիրող ու մեզի խնայող պաշտպան մը, մեզի համար բարիքներ, գեղեցկութիւններ, ուրախութիւններ պատրաստող մեծ բարեկամ մը, գորովագութ հայր մը: Աղօթքը մեզի համար ապրելու կռուան մըն է: Եւ այդ մասին է, որ կը մտածենք ամէն անգամ, որ կ՛ամփոփուի՛նք ու կը սկսինք արտասանելու. «Հայր մեր, որ յերկինս ես…»:
Բայց պէտք է գիտնանք, որ առանց այս բառերը արտասանելու ալ Աստուծոյ հետ կը խօսինք ամէն օր, եւ թէ ամէն օր ունինք մեր ո՛չ թէ օրուան աղօթքը, այլ՝ օրուան քանի մը աղօթքները:
Անգամ մը օդանաւ նստայ կարճատեւ ճամբորդութեան մը համար: Երբ սաւառնակին շարժակը աշխատելու սկսաւ ու օդանաւին հսկայ մարմինը ունեցաւ իր առաջին ցնցումը, միտքէս խաչակնքեցի առանց մատներս շարժելու, եւ «Հայր Մեր» մը արտասանեցի միտքէս: Քովիններէս ո՛չ մէկը նշմարեց, որ այդ պահուն ես կ՛աղօթէի: Եւ չտեսայ ուրիշ մը, որ աղօթէր ինծի նման:
Բայց վստահ էի, որ քովիններէս շատեր նոյն պահուն աղօթած էին առանց յայտնի դարձնելու:
Ամէն օր սաւառնակով չենք ճամբորդեր, բայց ամէն օր ունինք տարբեր պատճառ մը՝ Աստուծոյ հետ հանդիպում մը փնտռելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.