ԵՐԵՒԱՆ.– Ժառանգութիւն կուսակցութեան լրատուական ծառայութեան համաձայն՝ 30 Յունիսին «Անի Պլազա» պանդոկի նիստերու դահլիճին մէջ բացումը կատարուեցաւ կուսակցութեան 10րդ համագումարին՝ 150 պատուիրակներու մասնակցութեամբ:
Հաստատուեցան համագումարի օրակարգը, քարտուղարութեան եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբերու կազմերը: Ներկայացուեցան եւ ի գիտութիւն ընդունուեցան կուսակցութեան վարչութեան, Ազգային ժողովի համանուն խմբակցութեան ու Երեւանի աւագանիի «Բարեւ Երեւան» խմբակցութեան հաշուետուութիւնները, զորս ներկայացուցին համապատասխանաբար Արմէն Մարտիրոսեանը, Ռուբէն Յակոբեանը եւ Անահիտ Բախշեանը:
Խօսք առաւ «Ժառանգութեան» առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան, որ յատկապէս անդրադարձաւ նախորդ համագումարին յաջորդած ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած հասարակական-քաղաքական կեանքի առանցքային խնդիրներուն ու արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրներուն:
Այնուհետեւ համագումարը լսեց Կանոնադրական յանձնաժողովի հաշուետուութիւնը, զոր ներկայացուց յանձնաժողովի նախագահ Լիգիա Մելքումեանը, եւ միաձայնութեամբ ընդունեցան «Կուսակցութեան կառուցուածքն ու կառավարումը» բաժինին մէջ առաջարկուած երկու փոփոխութիւնները: Ըստ անոնց՝ կուսակցութեան վարչութեան թիւը 11 անդամէն բարձրացաւ 15ի, ինչպէս նաեւ ճշդուեցաւ այն, որ ասկէ ետք Հայաստանի իշխանութեան ներկայացուցչական մարմիններուն մէջ՝ Ազգային ժողովին եւ մայրաքաղաքի աւագանիին մէջ, «Ժառանգութիւն» խմբակցութիւններու ղեկավարները կուսակցութեան վարչութեան նիստերուն պիտի մասնակցին խորհրդակցական ձայնի իրաւունքով, եթէ վարչութեան ընտրուած անդամներ չեն հանդիսանար:
Յետմիջօրէին տեղի ունեցան նոր վարչութեան առաջադրուած թեկնածուներուն, ինչպէս նաեւՎերստուգիչ ու Կանոնադրական յանձնաժողովներու ընտրութիւնները:
Նոր վարչութիւն ընտրուեցան կուսակցութեան հիմնադիր-նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեանը, մանկավարժներ Անահիտ Բախշեանը եւ Արմէն Մարտիրոսեանը, քաղաքագէտ Ռուբէն Յակոբեանը, իրաւաբան Զարուհի Փոստանջեանը, տնտեսագէտներ Գագիկ Մարգարեանը, Սուսաննա Մուրադեանը եւ Ռշտուն Մարտիրոսեանը, տնտեսագէտ-լրագրող Հրայր Մանուկեանը, քաղաքագէտներ Ստեփան Հասան-æալալեանը, Ֆիլիպ Արզումանեանը եւ Յովսէփ Ղազարեանը, ոճաբան Գայիանէ Աբասեանը, աշխարհագրագէտ Վահագն Յովհաննիսեանը, միջազգայնագէտ Անդրանիկ Գրիգորեանը:
Համագումարը միաձայնութեամբ ընդունեց բանաձեւ՝ վերահաստատելով իր հաւատարմութիւնը համազգային նպատակներուն նկատմամբ:
Աւելի ուշ տեղի ունեցաւ նորընտիր վարչութեան անդրանիկ նիստը, որուն ընթացքին Ժառանգութիւն կուսակցութեան վարչութեան նախագահ ընտրուեցաւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանը, փոխնախագահ՝ Արմէն Մարտիրոսեանը, քարտուղար՝ Գայիանէ Աբասեանը, միջազգային յարաբերութիւններու գլխաւոր քարտուղար՝ Զարուհի Փոստանջեանը, իսկ մամլոյ քարտուղար՝ Դաւիթ Սանասարեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.