ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– «Այսօր Բաքւում ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի նիստի առաջին օրն էր: Մշտական յանձնաժողովի նիստը տեղի է ունեցել առաւօտեան, ելոյթ են ունեցել ԵԱՀԿ ԽՎ նախագահը Ռանկօ Կրիւոկապիչը եւ գլխաւոր քարտուղար Սպենսեր Օլիւերը»: «Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս տեղեկութիւնները փոխանցած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանը, որ հայկական պատուիրակութեան հետ կը գտնուի Պաքու։ Ան նշած է, որ մնայուն յանձնաժողովի նիստի հարց ու պատասխանի ընթացքին, պատուիրակութիւններու ղեկավարները հարցումներ ուղղելու կարելիութիւն ունեցած են: Ատրպէյճանական պատուիրակութեան ղեկավար Պահար Մուրատովան հարցուցած է, որ արդեօք ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովը չի՞ մտածեր աւելի աշխոյժ կերպով ներգրաւուիլ Անդրկովկասի խնդիրներուն մէջ՝ յիշեցնելով Ուքրանիոյ վերջին իրադարձութիւնները: «Կար լրացուցիչ արձանագրութեան խնդիր Ուկրաինայի հարցի վերաբերեալ, որը պէտք է ներառեր Ռուսաստանի քայլերը Ուկրաինայի հանդէպ, այն պէտք է քուէարկութեան մտնէր ԽՎ օրակարգ, եւ բուռն քննարկումներ տեղի ունեցան: Ադրբեջանի պատուիրակութեան ղեկավարն առաջարկեց ընդլայնել հարցերի օրակարգը, որպէսզի դրանում ընդգրկուի ոչ միայն Ուկրաինայի դէպքերի վերաբերեալ խնդիրը, այլեւ բոլոր հակամարտութիւնների վերաբերեալ հարցեր: Հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Արտաշէս Գեղամեանը ձայն խնդրեց եւ անդրադարձաւ այն հարցին, որ Հելսինկեան եզրափակիչ ակտը միայն տարածքների ամբողջականութեան մասին չի խօսում, այլ խօսում է նաեւ ժողովուրդների ինքնորոշման մասին: Բաւական բուռն քննարկումներ եղան՝ այդ հարցը օրակարգ մտնի՞, թէ ոչ: Ի վերջոյ, քուէարկութեամբ այդ հարցը եւս ընդգրկուեց օրակարգում», ըսած է Աղուան Վարդանեան:
Անոր համաձայն՝ աշխատանքները պիտի շարունակուին եւ քննարկումի նիւթ պիտի ըլլան տարբեր հարցեր։ «Քանի որ Ադրբեջանում է տեղի ունենում վեհաժողովը, ակնյայտ է, որ ադրբեջանական կողմը փորձելու է իր շեշտադրումները եւ առաջարկութիւնները բերել օրակարգ, եւ բնական է, որ ակտիւ աշխատում են նաեւ միւս պատուիրակութիւնների հետ», հաստատած է ան։
Միւս կողմէ, ատրպէյճանական ԱՊԱ գործակալութիւնը տեղեկատուութիւն տարածած է այն մասին, որ Մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական հարցերու յանձնաժողովին մէջ Հայաստանը պահանջած է ուղղումներ կատարել յանձնաժողովի զեկոյցին ու բանաձեւերուն մէջ։ Ատրպէյճանական լրատուամիջոցին համաձայն՝ հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Արտաշէս Գեղամեանը առաջարկած է «Հելսինկի+40. Յանուն իւրաքանչիւր անձի անվտանգութեան» բանաձեւին մէջ ուղղում կատարել՝ կապուած «Ազգերու ինքնորոշման վերաբերեալ» դրոյթին, սակայն անոր առաջարկը դժգոհութիւն յառաջացուցած է։ «Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին տուեալ յանձնաժողովի աշխատանքներուն մասնակից Աղուան Վարդանեան նշած է, թէ նման բան տեղի չէ ունեցած, ատիկա ատրպէյճանական ապատեղեկատուութիւն է։ «Այդպիսի բաներ, առհասարակ, չեն էլ լինում։ Ընդամէնը քուէարկուել է, ընդ որում՝ քուէարկուել է երկու անգամ, իսկ ինչ որ գրում է ադրբեջանական լրատուամիջոցը, թէ իբր այդ ուղղման տեղը չէ, կամ դժգոհութեան աղմուկ եւ այլն ամբողջութեամբ սուտ է», նշած է Աղուան Վարդանեան:
Իսկական եղելութիւնը ներկայացնելով՝ Վարդանեան դիտել տուած է, որ արձանագրութիւններու նախագիծերը կան, եւ սովորաբար իւրաքանչիւր պատուիրակութիւն կրնայ փոփոխութիւններու առաջարկ ներկայացնել: Հայկական պատուիրակութիւնը Պաքու մեկնելէն առաջ, Երեւանէն առաջարկած էր արձանագրութեան երկրորդ կէտին մէջ աւելցնել Հելսինկեան աքթի ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի դրոյթները. «Այդ զեկոյցում ամրագրուած չէ նաեւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը. բայց քանի որ հարցը վերաբերում էր մարդու իրաւունքներին, մենք առաջարկել ենք, որ ազգերի ինքնորոշման իրաւունքը աւելացուի զեկոյցի երկրորդ կէտում», յայտնած է ան։
Հայկական կողմի առաջարկը դրուած է քուէարկութեան եւ քուէներու 22 դէմ եւ 20 թեր յարաբերակցութեամբ չէ անցած: «Չնայած հայկական կողմի առաջարկութիւնը չի անցել, բայց անգամ այդ տեսքով այդ զեկոյցը Հայաստանի Հանրապետութեան համար վտանգ չի պարունակում, քանի որ այնտեղ ներառուած չէ նաեւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը, այլ միայն Հելսինկեան եզրափակիչ ակտն է նշուած եւ վերաբերում է ընդհանրապէս մարդու իրաւունքներին», յայտնած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.