Այսօր Իրաքի Քիւրտիստանի ղեկավարութիւնը պատմակշիռ որոշումներ առնելու մարտահրաւէրին առջեւ կը գտնուի: Իրաքի եւ ընդհանրապէս աշխարհի այդ տարածքին վրայ այսօրուան պայմաններու ընձեռած առիթը լաւագոյնս օգտագործելով (Իրաքեան միացեալ հայրենիքի մը հանդէպ Քիւրտերու հաւատարմութեան որեւէ հիմք կարելի չէ գտնել) անկախ պետականութիւն հռչակելու նախապատրաստական աշխատանքներու ազդանշանը արդէն իսկ հնչած է ու այդ ուղղութեամբ գործընթացները կասեցնել դիւրին պիտի չըլլայ:
Քարիւղի մատակարարման տագնապ թէ տարածքի քարտէսի անբաղձալի վերաձեւաւորման մղձաւանջ, այս եւ այլ նկատառումներ կրնան մղել Միացեալ Նահանգներն ու իր դաշնակից ուժերը, որ փորձեն կանգնեցնել Քիւրտիստանի անկախութեան երթը: Միւս կողմէ, իսրայէլեան ինքնակեդրոն քաղաքականութեան ղեկավարները արդէն իսկ նոր պետութեան մը անփորձ ղեկավարները իրենց նպատակներուն ծառայեցնելու ծրագիրը կը մշակեն: Կայ նաեւ Թուրքիան, որ իր կայսրութեան սահմանները պահպանելու մտատանջութեամբ ամէն դաւ նիւթելու պատրաստ է:
Այս բոլորով հանդերձ, մենք կը տեսնենք Քիւրտիստանի անկախութեան հռչակման պահու մօտիկութիւնը եւ կ՛ողջունենք զայն: Ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին բոլոր հաւատացողներուն հետ կ՛ողջունենք Քիւրտիստանի ժողովուրդի անկախութեան իրաւունքը կենսագործելու կոչուած քայլերը: Հայկական մեր իւրօրինակ իրականութիւնը նոյնիսկ, երբ աշխարհով մէկ ցրուածութիւնը մեր վրայ կը դնէ հաշուենկատութեան անհատնում պարտաւորութիւններ, չի կրնար նսեմացնել անկախ Քիւրտիստանի հանդէպ մեր խանդավառութիւնը:
Քիւրտերու անցեալի մեղսակցութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան գործադրութեան փուլին՝ իբրեւ գործիքներ, Անկախ Քիւրտիստանի եւ Միացեալ ու ամբողջական Հայաստանի սահմաններու հաւանական խաչաձեւումներ, շահերու բախումներու հաւանական այլ դաշտեր, որոշ ժամանակավրէպ նախապաշարումներ, հասարակաց թշնամիի այլազան խարդաւանանքներ, այս բոլորը յաղթահարելի գործօններ են, ու մենք պարտաւոր ենք նոր էջ բանալու քիւրտ ժողովուրդին հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.