
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Կիլիկեան Հայաստանէն վերապրող Քեսապ հայաւանը, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին դաժան հետեւանքները ուղղակիօրէն իր մորթին վրայ զգալէ եւ ստոյգ հայաթափման վտանգին մատնուելէ ետք, ահա ազատագրուած է թրքամէտ տարրերու ասպատակումէն, վերագտած է իր ապահովութիւնը ու լծուած է տեղահան իր զաւակները վերստին տուն կանչելու եւ միասնաբար աղէտին հետեւանքները յաղթահարելու գոյապայքարին։
Կասկածէ վեր է, որ կարեւոր համեմատութեամբ քեսապահայութիւնը պիտի վերադառնայ իր տունը, տէր կանգնի սերունդներու քրտինքով նուաճուած իր բարիքներուն եւ նորովի թափ տայ իր աւանի շէնացման։
Նոյնպէս կասկած չի վերցներ, որ Քեսապի բռնագրաւման հետեւանքով տեղահան դարձած հայութեան որոշ տոկոսը պիտի վարանի տուն վերադառնալու եւ դժուարութիւն պիտի ունենայ յաղթահարելու իր մէջ արթնցած վախը՝ թրքական հայատեացութեան ներշնչումով գործուած ասպատակումներուն եւ աւարումներուն հանդէպ։
Բնականաբար հայ քաղաքական միտքը հունաւորող ուժերէն ոչ մէկը կրնայ համակերպիլ, որ ազգային մեր դիմադրականութիւնը կրծող այդօրինակ վախը իր բախտին ձգուի…
21րդ դարու երկրորդ տասնամեակին իրաւունք չունինք անձնատուր ըլլալու այն ձեռնթափութեան, թէ՝
Եղունգ ունեցողը թողգլուխը քերէ…
Ո՛չ, Սուրիահայ Ահազանգը ազգովին սթափեցուց բոլորս։
Հայը ի վիճակի է, անհատապէ՛ս, յաջողութեամբ նուաճելու իր կեանքի պայմաններուն բարելաւումը եւ սեփական ընտանիքին բազմակողմանի զարգացումը։
Բայց հայուն աքիլլէսեան կրունկը կը հանդիսանայ անհատական իր ձեռներէցութեան եւ յաջողութիւններուն հաւաքական ամրագրումն ու ապահովութիւնը երաշխաւորելու դժուարութիւնը, չըսելու համար անճարակութիւնը։
Որքան մրցունակ եւ յաջողակ է Հայը իր անհատական նախաձեռնութեանց մէջ, այնքան անյաջող է եւ ահեռանկար՝ ազգային հոգատարութեան եւ պետական պաշտպանութեան իր հաւաքական կռուանները ուժեղացնելու գոյապայքարին մէջ։
Այս առումով Սուրիական շարունակուող տագնապը շատ ծանր հարուածներ հասցուց եւ շատ դաժան դասեր սորվեցուց բոլորիս։
Հայաշխարհի բոլոր ափերէն արդէն լսելի են ահազանգային ձայներ, որոնք կը շեշտեն գալիք նոր ցնցումներուն եւ դժուարութեանց պատրաստ գտնուելու հրամայականը։
Ահազանգ կը հնչէ նաեւ այն ուղղութեամբ, որ սկիզբէն իսկ ի վիճակի չեղանք վտանգին համապատասխան դիմադրականութիւն շղթայազերծելու։
Սուրիական Տագնապի առաջին իսկ դրսեւորումներէն պարզօրէն տեսանելի էր, որ թրքական գործօնը օրհասական վտանգի առումով սպառնական եւ հեռահար տարողութիւն ունէր, նաեւ՝ անխուսափելիօրէն պիտի ունենար հակահայ ծանրակշիռ անդրադարձներ։
Բայց հակառակ այդ ամէնուն, Հայաստանի պետութեամբ եւ Սփիւռքի կազմակերպ ուժերով՝ հայութիւնը ի վիճակի չեղաւ իրականացնելու ազգային հոգատարութեան եւ պետական պաշտպանութեան անհրաժեշտ երաշխիքները, որոնք երկար վազքի վրայ կրնային ապահովել սուրիահայութեան հաւաքական գոյատեւումն ու անհատական յաջողութեանց ամրապնդումը։
Թէեւ Քեսապի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած աղէտին առիթով կը կատարուին այս ընդգծումները, այսուհանդերձ օրակարգը իսկապէս աշխարհաքաղաքական սահմանափակում չունի եւ, ընդհակառակն, կ՛առընչուի ողջ Հայաշխարհին, հաւասարապէս Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին ապրող համայն հայութեան։
Այսինքն՝ շուրջ քառորդ դարէ ի վեր, Արցախեան Շարժման պահանջատիրական պոռթկումի օրերէն ու Հայաստանի վերանկախացման առաջին իսկ քայլերէն սկսեալ, հայ քաղաքական միտքը մեծ դռնէն մուտք գործեց ազգային-ռազմավարական վերանորոգման լայն ասպարէզ, առանց որ լիարժէք ընկալումը եւ ճանաչողութիւնը ունենար իր առջեւ ցցուած բուն մարտահրաւէրին։
Արցախի վերամիացման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման պահանջները, անշո՛ւշտ, մղիչ ուժը հանդիսացան մերօրեայ հայ քաղաքական մտքի վերաշխուժացման եւ իրաւատէր հայութեան նոր ժամանակներու շունչով ինքնահաստատման։
Բայց ինչպէս հայրենական տարածքի վրայ հայութեան ապրած վերջին 25 տարիներու յաղթանակի եւ ընկրկումի վերիվայրումները, այնպէս ալ ազատագրուած Արցախի եւ վերանկախացեալ Հայաստանի շուրջ բոլորուած հայութեան հաւաքական կամքն ու ուժը չկրցան, ըստ արժանւոյն, ազգային հոգատարութեան եւ պետական պաշտպանութեան հրամայականին տալ հայոց առաջնահերթ Օրակարգի նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը։
Հայաստանի վերանկախացումը եւ հայոց պետականութեան ազգային վերականգնումը ի վիճակի չեղան որակական թռիչքի առաջնորդելու հայութեան հաւաքական կամքն ու ուժը՝ հայրենաբնակ թէ աշխարհացրիւ հայութիւնը ամբողջապէս ազգային հոգատարութեան եւ պետական պաշտպանութեան արդիական կռուաններով ու կազմակերպ լծակներով օժտելու առումով։
Նոյնինքն հայրենի հողի վրայ ապրող հայը իր սեփական կամքին հարազատ արտայայտութիւնը, նաեւ՝ իր ազգային հոգատարութեան ու պաշտպանութեան անփոխարինելի երաշխիքը չգտաւ վերանկախացեալ Հայաստանին եւ անոր «ազգընտիր» պետական իշխանութեանց մէջ։
Նոյնպէս սփիւռքեան ափերու վրայ արմատ նետած հայը, Դէպի Երկիր իր զարթուցիչ շրջադարձով եւ ազատ ու անկախ հայրենիքին առթած անխառն հպարտութեամբ հանդերձ, շարունակեց կարօտ մնալ հաւաքական իր ներուժին արդիւնաւորումը որակական ոստումի առաջնորդող ծանրութեան կեդրոնի, որուն կոչումը ունէր, բայց որուն տէր չկրցաւ կանգնիլ ազատ ու անկախ Հայաստանը…
Այո՛, Քեսապը ազատագրուած է եւ հայութիւնը մեծ մասով վերադարձած է իր տուները։
Աւերուած եւ կողոպտուած հայաւանը վերստին շէնցնելու համար, հայը բնականաբար կ՛ապաւինի իր անհատական ձեռնհասութեան։
Բայց նոյնիսկ սեփական տունը վերականգնող հայ անհատին ազգովին մենք պարտական ենք ազգային հոգատարութեան եւ պետական պաշտպանութեան մեր հովանին, որպէսզի վաղուան Օրուան նկատմամբ այսօրուան նորահասները լեցուին հաւատքով ու ինքնավստահութեամբ։
Հաւաքական մեր ուժին եւ աջակցութեան նկատմամբ իրենց հաւատքն ու ինքնավստահութիւնը վերականգնելու սուր կարիքը ունին մանաւա՛նդ քեսապահայութեան այն բեկորները, որոնք վերջին աղէտին հետեւանքով խորապէս խոցուած են, տկարացած են հայօրէն իրենց գոյատեւումը ապահովելու հաւատքին մէջ ու իրենց հայեացքը ուղղած են դէպի հեռուները, աւելի ապահով ափեր գտնելու ակնկալիքով։
Այնքան ատեն, որ իբրեւ կազմակերպ ուժ չենք կրնար հասնիլ հայրենի հողէն ակամայ հեռացող հայ անհատին, պատրանքը պէտք չէ ունենանք, որ ուշ կամ կանուխ ամէնուր պիտի դիմագրաւենք միեւնոյն հաւաքական մեր ներուժին արիւնահոսութեան տագնապը։
Քեսապ վերադառնալու եւ հայրենի իր օճախին նորովի տէր կանգնելու համար, հայ անհատը կարիքը ունի ազգային հոգատարութեան եւ պետական պաշտպանութեան մեր կազմակերպ ուժին։
Ինչպէս որ այդ ուժին բացակայութեան, ահա քսանամեակէ մը ի վեր, հակառակ Հայաստանի վերանկախացման եւ Արցախի իրողական ազատագրութեան, հայրենաբնակ հայը կը շարունակէ, պանդուխտի ցուպը ձեռին, իր քայլերը ուղղել դէպի հեռաւոր ափեր…
Հայաշխարհի ապագան յուզող աւելի առաջնահերթ եւ հրատապ օրակարգ չունի հայ քաղաքական միտքը։
Արտաքին վտանգի կամ ներքին չարիքի հետեւանքով շարունակուող հայութեան տարտղնումը համազգային աղէտ է, որուն պատճառն ու միանգամայն դարմանը կը գտնուին ազգային հոգատարութեան եւ պետական պաշտպանութեան մեր կազմակերպ ուժին մէջ, անոր տկարացումին կամ հզօրացման մէջ։